ՍԱԹԸՐԼԵՆՏ ՍՓՐԻՆԿԶ, Թեքսաս, «Էյ.Փի.».- Կիրակի, Նոյեմբեր 5ին, Սան Անթոնիոյի մօտերը գտնուող փոքր քաղաքի մը եկեղեցիին մէջ կրակ բացած ամերիկեան օդուժի նախկին զինուոր մը առնուազն 26 հոգի սպաննեց եւ վիրաւորեց աւելի քան 20 ուրիշներ՝ իր կարգին փախուստի միջոցին սպաննուելով։ Երեք զէնքերով զինուած 26ամեայ ոճրագործը, 2014ին հեռացուած էր զինուորական ուժերէն՝ իր կնոջ ու զաւակին դէմ գործադրած բռնութիւններուն պատճառով։ Ահաբեկիչը միջոց մը նոյն եկեղեցւոյ մէջ մանուկներուն Աստուածաշունչի դասեր տուած էր։ Միջադէպը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական հաստատութեան մը դէմ կատարուած ամենամահացու յարձակումը կը նկատուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.