ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ վէճ ունեցած է Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իլհամ Երլիքայայի հետ:
Ըստ «Հապերթիւրք»ի՝ Փայլան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ խորհուրդը իբրեւ դէտ ընդունած է իշխող կուսակցութենէն 4, իսկ միւս երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն երկուքական երեսփոխաններ, մինչդեռ քրտամէտ կուսակցութեան վերապահուած է միայն մէկ դէտի իրաւունք։ «Ձեր խիղճը հանգի՞ստ է. կը կարծէ՞ք, որ առարկայական եղած էք», հարցուցած է Փայլան Երլիքայային:
Ատոր իբրեւ պատասխան՝ թուրք պաշտօնատարը ըսած է. «Ամէն ինչ կրնայիր ըսել, սակայն ասիկա դուն պէտք չէ՛ր ըսէիր»:
Թրքական «Կազեթետուվար» կայքը Փայլանին ըսուած այս խօսքերը որակած է իբրեւ «հեգնական ոճով կատարուած սպառնալիք»: