ԵՐԵՒԱՆ.- Քանի մը հարիւր ուսանողներ եւ անոնց սատարող քաղաքացիներ Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին, դասադուլի դիմեցին՝ պահանջելով պահպանել տարկէտման իրաւունքը, որ, ըստ «Զինուորական ծառայութեան մասին» նոր օրէնքին՝ պիտի վերցուի: Ուսանողները առաւօտեան հաւաքուեցան Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) բակը: Շրջելով համալսարանի բաժանմունքներուն կողքով՝ անոնք քալեցին դէպի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն, ուր ներկայացուցչական խումբով հանդիպեցան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ: Նախարարը ընդունեց դասադուլ յայտարարած ուսանողները:
Հանդիպման ընթացքին երկար քննարկում տեղի ունեցաւ նախարարի եւ ուսանողներուն միջեւ տարկէտման իրաւունքի վերացման վերաբերեալ: Ուսանողները նախարարին յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները, որոնք բազմաթիւ էին: Անոնք յայտնեցին, որ տարկէտման իրաւունքի վերացումը չի նպաստեր հարցի լուծման:
Նախարարը ուսանողներուն բացատրեց օրէնքին կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ օրէնքը չի վնասեր գիտութեան զարգացման:
Հանդիպումը արդիւնքի մը չյանգեցաւ. ուսանողները որոշեցին իրենց բողոքը շարունակել ցոյցով: