Սուրիոյ ընդհանրապէս եւ Հալէպ քաղաքին մասնաւորապէս ապահովական պայմանները բարելաւուելէ ետք, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը որոշեց գործադրութեան դնել պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով վնասուած կարիքաւոր հալէպահայերու գործարաններուն նորոգութեան ծրագիրը:
Այս ծրագիրին գործադրութեան մեծապէս նպաստեցին Լոս Անճելոսի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինը (SARF) եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը:
Արդ, նշեալ կողմերուն կը յայտնենք մեր երախտագիտական եւ շնորհակալական զգացումները եւ կը մաղթենք, որ Հալէպահայութեան շտապ օգնութեան Գործադիր մարմինին ճամբով իրականացուելիք, հալէպահայութեան համար այնքան կարեւոր այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:
Հալէպ, 6 Նոյեմբեր 2017