ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Իրանահայ միութեան սրահին մէջ (117 S. Louise St. Glendale, CA 91205):
Այս տարուն ձեռնարկի ընթացքին, Վիքթոր Համբարձումեանի անուան մրցանակը պիտի շնորհուի փրոֆ. Աշոտ Չիլինկիրեանին, «Սպասարկութեան» մրցանակը՝ Արեգ Ղարաբէկեանին, իսկ «Տարուան անձնաւորութիւն» մրցանակը՝ Էլ Եսայեանին:
Մասնակցութեան սակը 100 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 75 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/AESA կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել events@aesa.org հասցէին: