ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգ. առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ լոյս ընծայած է «Արարողութիւն Սրբոյ Պատարագի» եւ «Աստուծոյ Խօսքը» գրքոյկները՝ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկ. Րաֆֆի եւ Սիւզի Օհանեան ամոլին ու իրենց զաւակներուն՝ Արամ եւ Շանթ Օհանեան եղբայրներուն։
«Աստուծոյ Խօսքը» գրքոյկը մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ հայրապետներուն կողմէ գրուած աղօթքներու երկլեզու ծաղկաքաղ մըն է՝ պատրաստուած Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի կողմէ, իսկ «Արարողութիւն Սրբոյ Պատարագի» գրքոյկը՝ ի գործածութիւն մեր եկեղեցիներու դպիրներուն եւ սարկաւագներուն։
Ստանալու համար, կարելի է դիմել Ազգ. առաջնորդարանի եւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներու գրասենեակները: