ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 Նոյեմբերին ընդունեց Լիոնի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս, բարերար Նիքոլայ Սարգիսովը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ զանազան ծրագիրերու իրականացման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Նիքոլայ Սարգիսովին՝ Արցախին մշտապէս սատարելուն, անոր շէնացման մասնակցելուն եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման գործընթացին մէջ անոր բերած նշանակալի աւանդնի համար եւ անոր յանձնեց «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանը: