ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22-23ին տեղի ունեցաւ «Հայերը, յոյները եւ քիւրտերը. Օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդներու պատմութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի եւ դոկտ. Ումիթ Քիւրթի («Հարվըրտ» համալսարանէն) միացեալ ջանքերով:
Գիտաժողովին նպատակն էր հաւասարակշռել սովորաբար միայն թրքական արխիւներու հիման վրայ ներկայացուող Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը, անոր փոխարէն հրամցնելով հայկական եւ այլ աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութիւններ: Ներկայացումները յատկացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդած շրջանի իրադարձութեանց՝ կեդրոնանալով հայերու, յոյներու եւ քիւրտերու փորձառութեանց վրայ:
Գիտաժողովի համահովանաւորներն էին համալսարանի Արուեստներու եւ Պատմութեան բաժանմունքները, իսկ անոր աջակցած են Թոմաս Գույումճեան ընտանիքի հիմնարկութիւնը, «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկութիւնը եւ «Վիքթորիա Գազան» Հայագիտութեան հիմնադրամը:
Գիտաժողովի բացման խօսքը արտասանեց փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան՝ տալով պատմական ընդհանուր ակնարկ մը, որմէ ետք ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին Նիլայ Էօզաք Կիւնտողան (քիւրտերու ընկերային պատմութիւնը արձանագրելու դժուարութեան մասին) եւ Վարագ Քեթսեմանեան (1890-96 տարիներուն Հնչակեան կուսակցութեան մէջ գաղափարաբանութեան եւ իրականութեան միջեւ յարակարծութեան մասին)։
Իր կարգին, Օուըն Միլըր խօսեցաւ Սասունի, Զէյթունի եւ Տերսիմի նման լեռնային շրջանները Օսմանեան կայսրութեան ամբողջական հակակշիռին տակ առնելու ջանքերուն մասին, մինչ Տէյվիտ Կաթմեն ներկայացուց Խարբերդէն դէպի Միացեալ Նահանգներ արտասովոր թիւով արտագաղթի պատճառներուն մասին ուսումնասիրութիւն մը՝ նշելով, որ 1885-1908 տարիներուն 35,000-40,000 խարբերդցիներ Ամերիկա գաղթած են։
Նաեւ, դոկտ. Ումիթ Քիւրթ խօսեցաւ 1895ի Այնթապի ջարդերու դրդապատառներուն մասին, որոնց գլխաւորը այն իրողութիւնն էր, որ հարստութեան մեծամասնութիւնը սկսած էր հայերու ձեռքը անցնիլ, իսկ Ուղուր Փեչէ ներկայացուց 1908-1912 տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան բանակին մէջ յոյներ զինուորագրելու արշաւին մասին:
Վերջապէս, Էմրէ Չան Տաղլիօղլու ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուց 1895ի Վանի ջարդերուն եւ Աղթամարի Խաչատուր Գ. կաթողիկոսի ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին միջեւ լարուածութեաց մասին, մինչ Ճենեթ Քլայն խօսեցաւ Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութեանց մէջ «փոքրամասնութիւն» հասկացողութեան տարբեր արժեւորումներուն մասին՝ հայութեան պարագային ուսումնասիրութեան մը ընդմէջէն։
Գիտաժողովին տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով
www.facebook.com/HyeSharzhoom կայքէջը:
(Քաղուած՝ Մայքըլ Ռեթիկի թղթակցութենէն)