ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 54-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. Նահատակաց եկեղեցին Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան, «Աւետիսեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 54րդ տարեդարձը, որ առիթ եղաւ լուսարձակի տակ առնելու եկեղեցւոյ ծառայական դերակատարութիւնը՝ յատկապէս Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան եւ ընդհանրապէս մեր թեմի կեանքին մէջ։
Հանդիսութիւնը կը վայելէր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ազգային երեսփոխաններ, Ազգային Ֆերահեան եւ Մարի Գապայեան վարժարաններու տնօրէնները, շրջանի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ծխականներ։ Հիւրընկալն էր տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան բարերար ամոլը։
Հանդիսավարը՝ Մուշեղ Պետեւեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը։ Տէր հայրը արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը, անդրադարձաւ շրջանի հայութեան կեանքին մէջ այս եկեղեցւոյ դերակատարութեան, շեշտելով, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, հայ եկեղեցին եղած է ու կը մնայ հաւատքի ու հայապահպանման փարոս, իսկ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն ու աւելի քան կէս դարու ծառայական կեանքը վկայութիւն են այս առաքելութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան աննկուն կամքին։ Ու նկատի ունենալով, որ 2017 տարին հռչակուած է «Վերանորոգութեան Տարի», տէր հայրը շեշտեց, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցին եւս, իր հաւատացեալներով ու ծառայողներով, ընդառաջ կ՛երթայ այս հրաւէրին։ Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին՝ իր հայրական խնամքին եւ առաջնորդութեան համար, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան՝ անոնց հովանիին ու զօրակցութեան համար. ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիրակոսեան ամոլին՝ ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ Արքլին, Շահինեան եւ այլ բարերար ընտանիքներու, իրենց հետեւողական զօրակցութեան համար։
Հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Լեւոն Արապեան։ Ան յայտնեց, որ այս եկեղեցին 54 տարի առաջ հիմնուեցաւ հաւատքով, որուն հիմամբ շրջանին մէջ պահպանուեցան հայկական ազգային մշակոյթն ու աւանդութիւնները։ Այս հաւատքն ու յանձնառու գործը կը շարունակուի սերունդէ սերունդ, իսկ այսօր գործողները ջահը պիտի փոխանցեն յաջորդներուն։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է իբրեւ մեծ ընտանիքի մը անդամներ՝ տօնելու եկեղեցւոյ 54րդ տարեդարձը, որ խորքին մէջ մարմնաւորումն է հաւաքական աշխատանքի մը։ Ան յիշեցուց, որ այս գաղութը տօնախմբեց նաեւ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի 60ամեակը։ Առաջնորդ սրբազանը հանգամանօրէն խօսեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ տասնամեակներու ծառայական կեանքին մասին, շեշտելով, որ այս եկեղեցին հաւատքի միջնաբերդ մըն է ու հայութեան համար գոյատեւման երաշխիք մը։ Ան մէջբերում մը կատարեց 2017ը «Վերանորոգումի Տարի» հռչակող Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն եւ նշեց, որ «գաղութ մը վերանորոգման ընթացքի մէջ կարելի է դնել՝ վերարժեւորման ենթարկելով անոր կառոյցները իրենց դրուածքով ու գործունէութեամբ, շրջապատին հետ աւելի ազդու յարաբերութիւն մշակելով, Հայաստանին հետ յարաբերութեան նոր որակ տալով, վերջապէս, անոր հայկական ինքնութիւնը պահող հայ դպրոցը վերակազմակերպելով եւ անոր հոգեւոր ինքնութիւնն ու բարոյական առողջութիւնը պաշտպանող՝ եկեղեցոյ իր ծառայական առաքելութիւնը պայծառացնելով։ «Հայաստանին ու Սփիւռքին, մեր ողջ ազգին վերանորոգման նախապայմանը ու երաշխիքը, ինչպէս շեշտեցինք, հայ մարդու վերանորոգումն է», ընդգծեց ան, յիշեցնելով, որ վերանորոգումը կը սկսի անհատի հաւատքին ու գործունէութեան վերատեսութեամբ ու վերանորոգումով։
Առաջնորդ սրբազանը մէջբերեց Յովհաննէս Աւետարանիչի առաջին ընդհանրական նամակի 5:14-15 համարները, ուր կ՛ըսուի. «Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ։ Եւ երբ գիտենք, թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ, թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք իրմէ», հետեւաբար, մեր պարտքն է Աստուծոյ ապաւինիլ, անոր դիմել ամբողջ սրտով. ու եթէ վերանորոգումի մեր խնդրանքով դիմենք Իրեն, Ան պիտի լսէ մեզ ու պիտի զօրացնէ մեր քայլերը՝ ի խնդիր եկեղեցւոյ ու համայնքի պայծառացման։ Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ օրհնելով եկեղեցւոյ հիմնադիրներն ու ծառայողները, բարերարներն ու զօրակցողները, մասնաւորաբար օրուան հիւրընկալ Կիրակոսեան ամոլը։
Իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը Կիրակոսեան ընտանիքին նուիրեցին «Նարեկ»ի գեղատիպ հրատարակութենէն օրինակ մը։ Յուշանուէրներու արժանացան նաեւ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն՝ Ֆլորինտօ Արքլինի զաւակը՝ տէր եւ տիկին Սթիւ եւ Տայէն Արքլին, ու եկեղեցւոյ առաջին օրերու նուիրեալ հոգեւորականներէն Ներսէս Ա. քհնյ. Շահինեանի դուստրերը՝ Լուսարփի եւ Նոյեմի Շահինեան։
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ երաժշտական մթնոլորտի մէջ։ Իբրեւ գնահատանք եւ զօրակցութիւն եկեղեցւոյ առաքելութեան, արձանագրուեցան առատաձեռն նուիրատուութիւններ։
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԽԱՉԻԿ ԵՒ ՄԱՐԻԱՄ ԵՐԷՑԵԱՆՆԵՐ