«Մանկական Եւրոտեսիլ 2017» երգի մրցոյթի մասնակից երկիրներու վիճակահանութիւնը 20 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի ազգային խորհրդարանական գրադարանին մէջ, ձեռնարկի բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին: Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, կը տեղեկացնէ «Սփութնիք»ը:
Երգի մանկական տասնհինգերորդ ամէնամեայ մրցոյթը 26 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի Ողիմպիական պալատին մէջ: Այս տարուան կարգախօսն է՝ «Վառ շողա»: Հայաստանը ներկայացնող Միշան 16 մասնակիցներու մէջ ելոյթ պիտի ունենայ չորրորդը: Մրցոյթը պիտի բանայ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Նիքոլ Նիքոլաու, իսկ զայն պիտի եզրափակէ Իտալիոյ ներկայացուցիչ Մարիա Իսիտէ Ֆիորէ: