ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Նոյեմբեր 20ի երեկոյեան, նախքան արտերկրի լիբանանցիներու ելեկտրոնային ընտրութեան ժամկէտի աւարտը, մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ յայտարարեց, թէ լիբանանցիները «յաղթահարեցին մարտահրաւէրը»: Արդարեւ, ան շեշտեց, թէ աւելի քան 85 հազար քուէարկողներ արդէն իսկ արձանագրուած են համացանցային ցանկերուն վրայ:
Նախարար Պասիլ այս առիթով վերահաստատեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճշդուած ժամկէտին: