ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներ այցելութիւններու ծիրէն ներս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան այցելեց Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէօ: Ան կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ պետական եւ համայնքային մակարդակներու վրայ:
Մարգարեանին կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Էտուարտօ Կոստանեանն ու Արփի Հոճաճանեանը:
Պետական մակարդակի վրայ, Բիւրոյի ներկայացուցիչի առաջին հանդիպումը հայասէր եւ Հայ Դատի պաշտպան ծերակուտական, Ուրուկուէյ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ռուպէն Մարթինէս Ուէլմոյի գրասենեակի մէջ էր, ուր շատ ջերմ խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Հայ Դատի եւ Արցախի շուրջ:
Երկրորդ հանդիպումը իշխող Լայն Ճակատ Ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Խա-վիէր Միրանտայի հետ էր:
Մարգարեան նաեւ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ ՀՅԴ «Արմէնիա» Երիտասարդակ Մի-ութեան անդամներու հետ, որոնց ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց հայրենիքի մէջ դաշնակցական երիտասարդներու գործունէութան մասին, նաեւ կարեւորեց Հայաստանէն հազարաւոր մղոններով հեռու շրջանի երիտասարդականներու ուսերուն դրուած պատասխանատւութիւնը, յատկապէս սերնդափոխութեան գրծընթացին հետ միասին, իրենց ստանձնելիք դերակատարութիւնը:
ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան շարքային ընկերներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Մարգարեան բաւական մանրամասնութիւններով փոխանցեց Հայաստանի այսօրուան իրավիճակը եւ վերանկախացումէն ասդին Դաշնակցութեան ստանձնած դերը, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային եւ թէ տնտեսական ոլորտներուն մէջ: Տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին:
Հրանդ Մարգարեան նաեւ այցելեց «Կոմիտաս» ռատիօժամ, ուր շահեկան հարցազրոյց մը ունեցաւ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութներու տուած այցելութեան վերջին հանգրուանը Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքն էր: