ՓԱՐԻԶ.- Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ալֆորվիլի «Փոլ Քիւլթիւրել» (Pօle Culturel) մշակութային կեդրոնին մէջ, Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան վարչութիւնը կը կազմակերպէր 13րդ «Արմէն՛լիվր» (հայկական գիրքեր) տօնավաճառին բացումը:
Այս տարուան պատուոյ հիւրն է Համազգայինը, իբրեւ կրթական, մշակութային եւ հրատարակչական հաստատութիւն, զոր կը ներկայացնէր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Բացման արարողութեան ներկայ էին Ալֆորվիլի նորընտիր քաղաքապետը՝ Միշէլ Ժերշինովից եւ քաղաքապետարանի գլխաւոր պատասխանատուները, Նորվան արք. Զաքարեան, ինչպէս նաեւ համայնքային բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ պատասխանատուներ:
Բացման խօսքը արտասանեց Մշակոյթի տան նախագահ Ֆիլիփ Պառաւեան, որմէ ետք խօսք առին նաեւ տնօրէնուհին՝ Արաքս Տէր Գէորգեան եւ քաղաքապետը, հուսկ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որոնք անդրադարձան Համազգայինի պատմութեան, Սփիւռքի մէջ անոր կրթական ու մշակութային առաքելութեան, անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ անոր ներկայութեան:
Ալֆորվիլի Հայ մշակույթի տունը բազմատեսակ աշխատանոցներու աշխոյժ վայր մըն է: Այս տարի եւս նոր տնօրէնութիւնը տօնավաճառին ընթացքին յատուկ տաղաւար մը պատրաստած է պատանիներու եւ մանուկներու կողմէ պատրաստուած շարանկարներու ցուցադրութեան: Եւ յատուկ վայր մը յատկացուցած է համակարգչային կրթական ու ստեղծագործական ծրագիրներու: