ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրող Կարլեն Ասլանեան կը տեղեկացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեան դատարանին կողմէ մեղաւոր հռչակուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան:
Պապայեան ամբաստանուած էր խումբ մը անձեր ապօրինի ռազմամթերք ձեռք բերելու ու պահելու դրդած ըլլալու յանցանքով:
«Պատուէրը նորմալ կատարել են», լսելով դատաւոր Արշակ Զաքարեանի հրապարակած վճիռը՝ իր գնահատականը տուած է Սամուէլ Պապայեան: