«ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ». Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն Նոյեմբեր 27ին ընդունեց կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարները, որոնց կողքին նաեւ՝ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը:
Աունի հրաւիրած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւս այցելեց նախագահական պալատ: Աունի հետ հանդիպելէ ետք, Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի նախագահ Աունի նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է երկրին քաղաքական աշխատանքը հունի մէջ դնել:
Իր կատարած խորհրդակցութիւններէն ետք, Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն ներկայացուց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը: Ապա անոնց միացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի մեկնեցաւ՝ առանց յայտարարութիւն կատարելու, սակայն երեկոյեան իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին արձանագրեց շարք մը կեցուածքներ, որոնց լոյսին տակ շեշտեց վարչապետ մնալու իր ցանկութիւնը: Հարիրի ըսաւ. «Կ՛ուզեմ վարչապետ մնալ, իսկ Սէուտական Արաբիա պատահածը ես ինծի կը պահեմ։ (Գահաժառանգ) Մուհամմատ պըն Սալմանը մեծ բարեկարգող է»: Հարիրի նաեւ շեշտեց, որ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ «Հըզպալլա» պէտք է չէզոք մնայ: Ան յայտնեց, որ իր հրաժարականը «դրական ցնցում» մը եղաւ եւ ազդարարեց, թէ պիտի հրաժարի, եթէ «Հըզպալլա» մերժէ ներկայ կացութիւնը փոխել։ Ան նաեւ պնդեց, թէ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն մէջ «Հըզպալլա»ի միջամուխ դառնալուն հիմնական պատճառը Իրա՛նն է:
Նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ. «Աուն կ՛ողջունէ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ընդառաջումը իր նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած ընդգծումները՝ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու եւ երկրին բարգաւաճումը խոչընդոտող որեւէ արգելք վերացնելու իմաստով»:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն՝ խորհրդակցութեանց արդիւնքները երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն պիտի ներկայացուին, երբ անոնք ամբողջանան՝ Աունի Իտալիա կատարելիք այցելութենէն ետք: