ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 34րդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 11ի երեկոյեան, Իրանահայ միութեան սրահին մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 280 համակիրներու։
Պատուոյ հիւրերու շարքին էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան։
Շրջանի հայ գիտնականներն ու ճարտարագէտները մէկտեղող այս ձեռնարկին, այս տարի եւս մեծարումներ կատարուեցան։
Արդարեւ, կազմակերպութեան գործունէութեան ամփոփ ներկայացումէն ետք, Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաճանեան, ընկերակցութեան նախկին ատենապետներու հետ միասին, մրցանակները յանձնեց մեծարեալներուն՝ իւրաքանչիւրի իրագործումները ներկայացնելէ ետք։
Այս տարուան Վիքթոր Համբարձումեանի անուան մրցանակը շնորհուեցաւ Երեւանի Բնագիտութեան հիմնարկին մէջ գործող Անջրպետային ճարագայթի բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Աշոտ Չիլինկիրեանին, իսկ «Սպասարկութեան» մրցանակը յանձնուեցաւ ընկերակցութեան երկարամեայ անդամներէն եւ «Կանաչ Հայաստան» կազմակերպութեան համահիմնադիր Արեգ Ղարաբէկեանին, որ անցեալ տարի նշանակուեցաւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան խորհրդական։
Նաեւ, «Տարուան անձնաւորութիւն» մրցանակը շնորհուեցաւ «ԻնթելինԷր» ընկերութեան հիմնադիր Ալպըրթ Եսայեանին:
Ձեռնարկին ընթացքին յանձնուեցաւ նաեւ դոկտ. եւ տիկին Շանթ եւ Անի Քենտէրեաններուն հովանաւորած ընկերակցութեան կրթանպաստը, որուն արժանացաւ Մեսեչուսեցի Արհեստագիտութեան հիմնարկի ուսանող Վարագ Ղարիբջանեան։
Շարք մը ընկերութեանց հովանաւորութեամբ իրականացած սոյն ձեռնարկին ընթացքին նաեւ Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան երկարամեայ անդամ եւ հովանաւորող Յարութ Պրոնոզեան 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց, ի նպաստ ընկերակցութեան ապագայ ծրագիրներուն։
Ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը։