ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լեզուին տակ ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը ((band), որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum): Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն: Ընդհանրապէս սանձիկը ամբողջութեամբ կամ մասնակի կ՛անյայտանայ ծնունդէն քանի մը ամիս ետք: Բնական պայմաններու մէջ սանձիկի ներկայութեան լեզուն ազատօրէն կը շարժի, կը ցցուի բերանէն դուրս, եւ կը դպչի քիմքին ու ակռաներուն:
Շատ մը նորածին մանուկներու մօտ այս սանձիկը աւելի մեծ, հաստ, եւ նշմարելի կ՛ըլլայ եւ կ՛երկարի լեզուին ծայրամասէն մինչեւ բերանին յատակը: Այս անբնական մաշկը կը կոչուի լեզուակապ: Ուրեմն լեզուակապը ընդոծին անբնական մաշկ մըն է լեզուին տակ:
Լեզուակապը կը սահմանափակէ լեզուի շարժումները: Լեզուակապ ունեցող մանուկը չի կրնար լեզուն ազատօրէն շարժել բերանին մէջ, լեզուն բերանէն դուրս ցցել եւ լեզուն քիմքին դպցնել: Անոր լեզուին ծայրը կ՛ըլլայ ճզմուած-ճնշուած (pinched), երբ ան կը փորձէ լեզուն բերանէն դուրս ցցել: Ան կ՛ունենայ ուտելու, խօսելու, կլլելու եւ մօրը կրծքագեղձի պտուկը ծծելու դժուարութիւն: Այս դժուարութիւններուն տարողութիւնը կախեալ է լեզուակապի չափէն, հաստութենէն եւ կարծրութենէն, այսինքն՝ պզտիկ լեզուակապ ունեցող մանուկը հաւանաբար վերոյիշեալ դժուարութիւնները չունենայ:
Լեզուակապը կը պատահի թէ՛ տղոց եւ թէ աղջիկներուն, սակայն առաւելաբար՝ տղոց: Ընտանիքի մը մէկէ աւելի անդամներ կրնան ունենալ լեզուակապ: Անիկա կը յայտնուի նաեւ սերունդէ սերունդ:
Լեզուակապ ունեցող երեխան կ՛ունենայ որոշ բարդութիւններ, այսպէս՝
- Սնանելու դժուարութիւն. մանուկին մայրը չի կրնար բնական ձեւով դիեցնել իր զաւակը: Բնական պայմաններու մէջ դիեցումի ժամանակ մանուկը կը զետեղէ իր լեզուն վարի լինտին վրայ, որպէսզի կարենայ ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը: Լեզուակապի պարագային մանուկը չի կրնար ազատօրէն շարժել իր լեզուն եւ զետեղել լեզուն վարի լինտին վրայ, հետեւաբար ան չի կրնար ծծել մօրը պտուկը: Մանուկը կը չարչարուի, կը յոգնի, կատարեալ չափով սնունդ չստանար, իսկ մայրը կը տառապի պտուկի ցաւէ:
- Որոշ գիրերու հնչողութեան դժուարութիւն, մասնաւորապէս՝ Դ, Տ, Զ, Ս, Ր գիրերու: Մանուկը այս դժոարութիւնը կ՛ունենայ, որովհետեւ չի կրնար իր լեզուն դպցնել քիմքին եւ շրթունքներուն:
- Բերնի վատառողջ վիճակ, լինտաբորբ, ակռաներու փտում (decay) եւ վարի առջեւի երկու ակռաներու բացութիւն: Երեխան չի կրնար լեզուով մաքրել ակռաները եւ լինտերը լեզուի անշարժութեան պատճառով:
- Պաղպաղակ կամ սառոյց ծծելու դժուարութիւն:
- Շրթունքները ծծելու դժուարութիւն, հետեւաբար՝ համբուրելու եւ փողային գործիք նուագելու դժուարութիւն:
Լեզուակապի ախտաճանաչումը բացայայտ է:
Իսկ անոր դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական մանր գործողութեամբ մը: Բժիշկները ունին երկու մօտեցում՝ կատարել գործողութիւնը ծնելէ անմիջապէս ետք եւ կամ սպասել, ամիսներ կամ տարիներ, ու ետքը կատարել գործողութիւնը: Առաջին մօտեցումին ջատագովները կ՛ըսեն հետեւեալը՝ կրնայ պատահիլ, որ լեզուի եւ բերանի աճման հետ լեզուակապը ինքնաբերաբար կրնայ պզտիկնալ եւ անհետանալ:
Վիրաբուժական գործողութիւնը կը կատարուի մանուկներու պարագային ընդհանուր զգայազրկումով, իսկ չափահասներու պարագային տեղային զգայազրկումով: Գործողութիւնը կը կատարուի երկու ձեւերով.
- Սանձիկի հատում (frenectomy). այս ձեւը կը կիրարկուի երբ լեզուակապը պզտիկ է:
- Սանձիկի գեղագիտական հատում (frenoplasty), որ կը կատարուի երբ լեզուակապը մեծ է: Այս պարագային լեզուակապը կը հատուի անբողջապէս գեղագիտականօրէն:
Երկու գործողութիւներն ալ թեթեւ գործողութիւններ են եւ ոչ մէկ բարդութիւն կը յառաջացնեն: Գործողութենէն անմիջապէս ետք մանուկը կը սկսի ծծելու մօրը կրծքագեղձին պտուկը դիւրութեամբ, ան լաւ կը սնանի, լեզուն կ՛ունենայ բնական երեւոյթ, երբ բերնէն դուրս կը ցցուի եւ բոլոր բարդութիւնները կ՛անհետանան: