ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ
Թրքական մամուլը արձագանգած է Հայաստան այցելած խումբ մը տերսիմցիներու յայտարարութեան: Յատկապէս sabithaber.com կայքը, անդրադառնալով այդ այցին՝ գրած է, թէ «սուտ է թունճելիցիներու այն պնդումը, ըստ որուն՝ Տերսիմի բնակչութեան կէսը հայեր են»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»ը:
Աղբիւրին համաձայն՝ թրքական լրատուամիջոցը կը յայտնէ, թէ Տերսիմէն Հայաստան գացած 9 գիւղապետներ այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան, եւ թէ անոնց մէջ գտնուած են նաեւ Թունճելիի (Տերսիմի ներկայ պաշտօնական անուանումը-Ակունքի Խմբ.) միութիւններու դաշնակցութեան նախագահ (Tunceli Dernekleri Federasyonu-DEDEF) Ահմեթ Պալքըս եւ Թունճելիի հայերու եւ ալեւիներու բարեկամութեան միութեան (DERADOST) նախագահ Սերքան Սարիաթաշ: Անոնք այցելած են նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ Մատենադարան:
Ըստ աղբիւրին՝ Սերքան Սարիաթաշ յայտարարած է. «Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ պէտք է դատապարտեն նաեւ զայն դեռ չճանչցած միւս երկիրները: Մեծամասնութեամբ ալեւիներէ բաղկացած Տերսիմի բնակչութեան մէկ մասը ունի հայկական ծագում: Պատմական Ծոփք նահանգին մէկ հատուածը կազմող Թունճելին կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւմուտք: 20րդ դարու սկիզբը Թունճելիի բնակչութեան մեծ մասը հայ էր, տեղանուններն ալ հայկական: Թրքական կառավարութեան ջանքերով Տերսիմի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները աւերուած են: Ցեղասպանութեան տարիներուն, թունճելիցիները շուրջ 40 հազար հայու ապաստան տուած են: Անոնց մեծ մասը ալեւի դարձած է: 1915էն առաջ Թունճելիի մէջ 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր կային: Վերջին 2 տարուան մէջ տէրսիմցիները սկսան վերադառնալու իրենց հայկական արմատներուն: Այսօր Տերսիմի մէջ տեղացի հայերու հայրենակցական միութիւն կը գործէ»:
Նշենք, որ թէեւ այդ այցը շատոնց եղած է, թրքական մամուլը հարկ համարած է հիմա անդրադառնալ ատոր՝ հիմնուելով «Էրմենիհապեր» կայքին վրայ վերջերս թրքերէնով հրապարակուած տեղեկատուութեան վրայ: