ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մօտ, Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման վերաբերող հարցեր: Կառավարութեան պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ քննարկման մասնակցեցան նաեւ հանրային կապերու եւ շուկայականացման ոլորտէն ներս աշխարհի առաջատար կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ անգլիական M&C Saatchi գովազդային գործակալութեան տնօրէն Անելի Փեթի:
Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զեյթունցեան յայտնեց, որ ի սկզբանէ նշուած ընկերութեան հետ համատեղ աշխատանքը ծաւալած է մէկ շուկայի մէջ փոքր զբօսաշրջութեան պիտակաւորման ծրագիրին շուրջ, բայց հաշուի առնելով կազմակերպութեան գործունէութեան յաջող փորձառութիւնը՝ տարբեր երկիրներու մէջ եւ Հայաստանի մեծ ներուժի առկայութիւնը՝ նպատակայարմար կը դառնայ դիտարկել նաեւ աւելի ընդգրկուն ծրագիր նախաձեռնելու հնարաւորութիւնը:
Կարէն Կարապետեան ողջունեց գաղափարը եւ առաջարկեց հանդիպիլ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի ու Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ՝ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու համար: