ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Gallup International Association-ի՝ Հայաստանի լիիրաւ անդամ «Էմ. Փի.Զի.» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան, հարցախոյզի արդիւնքները ամփոփելով՝ յայտնեց, որ այժմ Հայաստանի նախագահի աշխատանքը աւելի բարձր կը գնահատուի, քան վարչապետինը. նախագահի վարկանիշը բարձրացած է, իսկ վարչապետինը՝ ինկած:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով այս հարցախոյզին՝ ըսաւ, որ միշտ թերահաւատօրէն վերաբերած է բոլոր հարցախոյզներուն:
Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ հարցախոյզը պատուիրուած է նախագահի կողմէ. Ռուստամեանը պատասխանը ոչ էր:
«Արդեօք քաղաքական առումով, հո՞ղ կը նախապատրաստուի» հարցումին պատասխանելով՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Ես որեւէ հող նախապատրաստելու խնդիր չեմ տեսնում այստեղ, ի՞նչ հող պէտք է նախապատրաստեն, այն էլ‘ հարցումներով: Ինչո՞ւ, հարցումներո՞վ են հող նախապատրաստում: Հող նախապատրաստում են գործողութիւններով, գործընթացներով, որոնք իրենց հունով ընթանում են»:
«Կարէն Կարապետեանի մէկ տարուայ գործունէութիւնն արդեօ՞ք նրա վարկանիշի վրայ կարող էր ազդել» հարցումին Ռուստամեան պատասխանեց, որ ինք չ՛ընդունիր այդ դիտարկումը եւ իր կարծիքով՝ ընդհակառակը, շատ աւելի լուրջ եւ շարունակաբար աճող ցուցանիշներ ցոյց տուած է կառավարութիւնը:
«Այդ ցուցանիշները, բնականաբար, պէտք է իրենց ազդեցութիւնն ունենան յետագայ բոլոր անելիքների վրայ, բայց հանրային ընկալմամբ՝ կարող է չերեւան, որովհետեւ տեմպերը (կշ-ույթները-Խմբ.) դեռեւս գոհացուցիչ չեն: Բայց փոփոխութիւնների ուղղութիւնը, բազմիցս ասել ենք, որ ճիշդ է ընտրուած: Որպէսզի հանրային ընկալումն էլ դրան նպաստի, պէտք է տեմպերն աւելացնել», ըսաւ Ռուստամեան, ապա հաստատեց, որ վարչապետին հետ կապուած սպասելիքները սկզբնական շրջանին աւելի մեծ էին:
Արտաքին քաղաքականութեամբ զբաղելու համար Հանրապետական Կուսակցութեան մէջ կա՞յ այնպիսի մարդ, որ կը կարենայ փոխարինել Սերժ Սարգսեանը: Ռուստամեան այս հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով, որ անփոխարինելի մարդիկ չկան, իսկ արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է աւելի նոր որակով ու մակարդակով իրականացուի:
«Խորհրդարանական համակարգը ենթադրում է թիմային աշխատանք: Ես կարծում եմ՝ դրան համապատասխան պէտք է վերադասաւորուի արտաքին քաղաքականութիւնը, եւ համարում եմ, որ նոր ձեւաւորուող արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները եւ այն թիմը, որը պէտք է աշխատի, պէտք է աւելացնի այն ձեռքբերումները, որոնք դաշտում գոյութիւն ունեն, եւ պիտի նոր շնչառութիւն հաղորդի դրանց», նշեց Ռուստամեան:
Վարչապետ Կարապետեան կը կարենա՞յ այդ ոլորտին մէջ փոխարինել նախագահը: Այս հարցումին պատասխանելով՝ Ռուստամեան ըսաւ. «Ես կրկնում եմ՝ անփոխարինելի անձեր չկան: Ինչո՞ւ չէ, Կարէն Կարապետեանը ցոյց է տուել, որ չի՞ կարող, այդպիսի բա՞ն ենք տեսել: Բոլորն էլ կարող են բոլորին փոխարինել, եթէ սիրում են իրենց հայրենիքը եւ ունեն համապատասխան գիտելիքներ, այդ դաշտում անփոխարինելի մարդիկ չկան»: