ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանը արդէն շատոնց սեւ ցուցակին մէջ ներառած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, իսկ ապա սկսաւ այնտեղ ընդգրկելու նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ:
Անոնք, որոնք իրապէս խաղաղութեան կը ձգտին, նման բան չեն ըներ: ԵԱՀԿի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24րդ հանդիպման ընթացքին, յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Ի թիւս առաւել քան տասնեակ մը պատճառներու, ինչու մինչ այսօր կարելի չէ եղած յառաջընթաց արձանագրել խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ, Նալբանդեան ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ հակահայկական ատելութեան քարոզչութեան քաղաքականութեան որդեգրումը:
Ատրպէյճան աշխարհի բոլոր հայերը կը համարէ իրեն թշնամի, դասագիրքերուն մէջ հայերը կը ներկայացնէ իբրեւ Ատրպէյճանի ցեղային հակառակորդներ, կ՛ոչնչացնէ տեղւոյն բնիկ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը եւ կրօնական կոթողները, կը պնդէ, որ իբրեւ թէ Հայաստանի տարածքները ատրպէյճանական պատմական հողերն են», յայտարարեց Էդուարդ Նալբանդեան:
Ան յիշեցուց, որ հակառակ նախագահական եւ նախարարական մակարդակներով բազմաթիւ հանդիպումներու, բանակցութիւններու բազմաթիւ փուլերու, համանախագահ երկիրներու անխոնջ միջնորդութեան, ԵԱՀԿի եւ այլ կառոյցներու կողմէ համանախագահներու ջանքերուն եւ մօտեցումներուն ցուցաբերուած աներկբայ աջակցութեան, Ատրպէյճան կը շարունակէ ետքայլ կատարել եւ ուժի կիրառումով խոչընդոտել հակամարտութեան խաղաղ կերպով կարգաւորման գործընթացը: