ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց «Հին Խնձորեսկ» 2018-2025 թուականներու ներդրումային ծրագիրը: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան յայտնեց. «Ծրագրի նպատակն է բարձրացնել մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը՝ ստեղծելով նոր համապատասխան ենթակառուցուածք, այդ թւում՝ ֆունիկուլեօր (լարային-Խմբ.), «զիփլայն», ակտիւ (աշխոյժ-Խմբ.) հանգստի եւ առողջապահական համալիրներ, հիւրանոց եւ այլն: Ծրագրի իրականացման արդիւնքում նախատեսուած է շուրջ 25 միլիոն դոլարի ներդրում եւ 400ից աւելի ուղղակի եւ անուղղակի աշխատատեղի ստեղծում»:
Կառավարութիւնը կը նպատակադրէ 2017-2022 թուականներուն իրականացուելիք քայլերուն եւ միջոցառումներուն շնորհիւ տարեկան զբօսաշրջութեան այցելութիւններու թիւը հասցնել առնուազն 3 միլիոնի: