ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր երգերու նուիրուած համերգ մը՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան։
Համերգին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի։
Մուտքը ազատ է, իսկ եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 58 S. Sierra Madre Blvd., Pasadena, CA 91107։