ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Դեկտեմբեր 11ին պայթում մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի հռչակաւոր «Թայմզ» հրապարակին մօտերը գտնուող ընդյատակեայ կայարաններէն մէկուն մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուեցաւ միայն ահաբեկչական արարքին դիմած 27ամեայ երիտասարդը։ Պայթումին վայրը հասած ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ահաբեկիչը եւ զայն հիւանդանոց փոխադրած։
Ահաբեկիչը մօտաւորապէս 7 տարի առաջ Միացեալ Նահանգներ ժամանած էր Պանկլատէշէն։