ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Յովհաննէս Այվազովսքիի «Փոթորիկ» խորագիրով կտաւը Դեկտեմբեր 11ին 15 միլիոն չեխական քորունայով (մօտաւորապէս 705 հազար տոլար) ծախուեցաւ Փրակի մէջ կազմակերպուած աճուրդի մը ընթացքին։
Կտաւը կը կրէ 1889 թուականը ու դարձած է Փրակի «Կէյթմանեքի արուեստներու տուն»ին կողմէ կազմակերպուած աճուրդին զարդը։ Այս գործին համար իբրեւ սկզբնական գումար յայտարարուած էր 517 հազար տոլար։ Կտաւին նոր սեփականատէրը ռուս մըն է։
Փրակ այն քաղաքներէն մէկն է, զոր Այվազովսքի յաճախ կ՛այցելէր դէպի Եւրոպա կատարած ճամբորդութիւններուն ընթացքին։ Հոն կայացած են նաեւ Այվազովսքիի անհատական ցուցահանդէսներէն առնուազն երեքը։ Աշխարհահռչակ ծովանկարիչի աշխատանքներէն քանի մը հատը ներկայիս կը գտնուին Չեխիոյ Ազգային պատկերասրահի ու Ազգային թանգարանի հաւաքածոներուն մէջ։