ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վրաստանի ընդդիմադիր «Հայրենասէրներու դաշինք»ի պատգամաւորներու դիմումը՝ Ախալքալաքի շրջանային ժողովին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղական մակարդակով ճանչնալու վերաբերեալ, չհասաւ շրջանային մարմինի լիագումար նիստի օրակարգ: Շրջանային ժողովի բիւրօն այս հարցը քննարկեց Դեկտեմբեր 11ին, սակայն դէմ քուէարկեց առաջարկին:
«Հայրենասէրներու դաշինք»ին նպատակն էր բանաձեւը նախ վաւերացնել Ախալքալաքի շրջանային ժողովին մէջ, ապա պահանջել Վրաստանի խորհրդարանէն, որ «հետեւելով շարք մր զարգացած երկիրներու օրինակին՝ ճանչնայ եւ դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան օրօք կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Սակայն, շրջանային ժողովի բիւրոյի անդամները նպատակայարմար չգտան տուեալ ժամանակահատուածին այս հարցին քննարկումը՝ պատճառաբանելով, որ անիկա նախ պէտք է բազմահարթակ հանրային քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու ենթակայ դառնայ։
Բիւրոյի նիստին ներկայ էր նաեւ «Հայրենասէրներու դաշինք»ին կողմէ շրջանային ժողովի մեծամասնական պատգամաւոր Գենադի Էլիզբարեանը, որ ամբողջ նիստին ընթացքին լուռ մնալով՝ լսեց իր գործընկերներուն ելոյթները: Բիւրոյի 9 անդամներէն 8ն դէմ քուէարկեցին, եւ միայն մէկը՝ Էլիզբարեանը՝ կողմ։
Շատ սխալ էր այս գործին ձեռնարկել, տրուած ըլլալով որ Վրաստան նոյնքան հակահայ է որքան Ազէպէյճան եւ Թուրքիա: Պատմական է այն նախանձը որ վրացիներ ունին հայոց հանդէպ: Այս ձախողութիւնը միայն հրճուանք կը պատճառէ հակառակորդներուն: