ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Յոյսի բառը…
Դարեր անցան… Մեր երկհազարամեայ «որդի» բառը աճեցաւ ու դարձաւ վերին աստիճանի ներկայանալի: Հայոց լեզուին շնորհեց սրտառուչ շարակններ ու քերթուածներ, պատկերալից դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ: «Որդի»ն իր հասունութեան օրերուն նաեւ հայրացաւ: Ծնունդ տուաւ տեսակաւոր նոր բառերու, ինչպէս՝ «արքայորդի», «քաջորդի» եւ «ազատորդի»: Վերջինները պատիւ եւ հպարտութիւն բերին մեր ազգին, որ նաեւ ծանօթ էր իբրեւ «Որդիք Թորգոմայ»: Իսկ այսօր ժամը 5ին, այս ալեհեր երիտասարդը, հայկազունեաց անթիւ իրագործումներու դերակատարը, բեմ պիտի ելլէ ու պիտի տայ իր պատգամը: Ի՛նք ընտրած է վայրը՝ «Հայորդեաց Տուն», Երեւանի Արաբկիր թաղամասի այն կրթարանը, որ ազգային ոգի եւ ներշնչում կու տայ հայորդիներուն:
Հայրենիք այցելող մեր 35 աշակերտներուն հետ կ՛անցնինք նրբանցքներէն, փորձի սենեակներու առջեւէն, ու կը հասնինք համերգասրահ: Առաւել խանդավառ է Մհերը… ա՛ն, որ օր մը առաջ Պանթէոնի եւ Եռաբլուրի մէջ սպիտակ մեխակներ խոնարհեցուց ազգի ամենանուիրեալ որդիներու շիրիմներուն վրայ:
– Պարո՛ն, յայտագիրը ձեզի ծանօ՞թ է:
– Երբե՛ք նոյնը չէ, ամէն տարի կը հարստանայ:
– Երէկ Կոմիտասին ձեռքը բռնեցի:
– Տեսա՛յ: Գիտե՞ս Մհեր, այդ արձանին նայելով՝ կը տեսնեմ տասը տարեկան մանուկ մը, որ իր սրինգով տխուր եղանակ մը կը նուագէ:
– Ինչո՞ւ տխուր:
– Պարոյր Սեւակի խօսքերը թող բացատրեն. «Գէթ հայրը մնար… Բայց հայրն էլ գնաց, երբ որդին չկար տասը տարեկան»։
Յայտագիրը կը սկսի: Յիսուն պատանիներ, եռագոյն շապիկներ հագած ու դրօշակներ բռնած՝ կ՛երգեն երգ մը, որ կը խօսի հիւր տարեկիցներու սիրտերուն.
«Հայորդի՛ք, որ կ՛ապրիք դուք հեռուն,
Մի՛ մոռնաք մեր անոյշ մայր լեզուն…»
– «Որդի» բառը, Մհե՛ր, սիրեց բանաստեղծութիւն դառնալ, հեքիաթ դառնալ: Շիրազը, որ այսօր Վարդապետին քով հանգիստ կ՛ընէ, գրեց. «Որդի՛ս, քեզ ի՞նչ կտակեմ…», Վահան Թոթովենցը՝ «Յովնաթան, Որդի Երեմիայի», Մուրացանը՝ «Հասարակաց Որդեգիրը», Աւետիք Իսահակեանը՝ «Որդիական Սէր», Պարոյր Սեւակը՝ «Մայր Ու Որդի», իսկ Սիամանթօն՝ «Հայորդիներ»… բանաստեղծութիւններու շարք մը, որուն հերոսն է Հայորդի՛ն: Սիլվա Կապուտիկեանն ալ ուզեց իր պատգամը տալ ու ըսաւ. «Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես… Քո մայր լեզուն չմոռանա՛ս»: Բանաստեղծութեան անո՞ւնը՝ «Խօսք Իմ Որդուն»: Գիտե՞ս, Մհեր, Մխիթար Սեբաստացին ինչպէ՛ս կոչած էր իր միաբանութիւնը… «Որդեգիր Կուսին Վարդապետք Ապաշխարութեան»: Խաչաձեւ յապաւումը՝ «ՈԿՎԱ», որ զարդարեց Մխիթարեան հրատարակութիւններու տիտղոսաթերթերը, ինչպէս նաեւ՝ Պոլսոյ Բանկալթի թաղամասի եկեղեցւոյ ճակտոնը:
Բեմ կու գայ աղջնակ մը ու «մայրական» ձայնով կ՛երգէ օրօրոցային մեղմութիւն ունեցող երգ՝ «Զարթնիր Որդեակ»:
– Մհե՛ր, «որդի» բառը, Վենետիկէն Պոլիս, Զմիւռնիայէն Թիֆլիս՝ դարձաւ նաեւ գիրք. «Տեղեկագիր Հոգատար-Որբախնամ Ընկերութեան Զմիւռնիոյ», «Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Իւր Որդիքը», «Հայրը եւ Որդին»: Յայտնուեցան տպագրական ընկերութիւններ, հայր ու որդիներ շատ անգամ, ինչպէս՝ «Արշակ Յակովբեանցի եւ Որդիք», «Յ. Ասատուրեան եւ Որդիք», «Կ. Քէշիշեան Որդի», «Օննիկ Բարսեղեան եւ Որդի», «Նշան Պէրպէրեան եւ Որդի»: Մհեր, կրնա՞ս պատկերացնել, որ «որդի» բառը, օր մը, 1200 թուականներուն մօտաւորապէս, պիտի դառնար անձնանուն: Սանահինի վանքի առաջնորդն էր ան, յայտնի մատենագէտ Գրիգոր «Որդի» Աբասան, ա՛յն թուականներուն, երբ Վարդան Այգեկցին գրի կ՛առնէր առակ մը՝ «Այրի Կին եւ Որդի»ն, ու հայոց լեռներուն մէջ դեռ բնակութիւն ունէին «Արեւորդիներ»՝ հայեր, որոնք քրիստոնէութեան մասին տարբեր ըմբռնում մը ունէին:
Բեմէն հիմա կը լսուի Տիգրանակերտի հայուհիներուն յատուկ հին օրօրոցային մը.
«Նենի ըսիմ, քնցնիմ որդի, նենի՜,
Անուշ քընեն թռցնիմ որդի, նենի՜
Պագնիմ անուշ բերանը, որդի…»
– Մհե՛ր, պէտք է յիշել նաեւ երեւանցիներու իմաստուն խօսքը. «Մի մարդի գործը Աստուած յաջողի, ադամորդին ի՞նչ կարող ա անել»: Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ 24 Դեկտեմբեր 1917ին, ի՛նչ ծիծաղելի բան, մագի մը, իր գառնուկը ախորժակով կուլ տուած Յովհաննէս Թումանեանը յանդիմանեց զայրացա՛ծ. «Աստուած պահի քո որդին, ո՞նց էր համը իմ ձագին…»: Բառը անշուշտ նաեւ առաւ փոխաբերական իմաստ. «Որդի» կոչեցինք գաղափարի կամ ուսմունքի մը հետեւորդները, հայրենիքի զաւակները, ժառանգորդները, ներկայացուցիչները… Տարեցները մտերմական եղանակով «որդի» կոչեցին անծանօթ երիտասարդները: Իսկ օր մը, կարօտի եւ վհատութեան մէջ, Եղիշէ Չարենցը յիշեց իր մայրը.
«Եւ յիշում ես քո որդուն, որ հեռացել է վաղուց,
Ո՞ւր է արդեօք հեռացել, մայր իմ անուշ ու անգին»
Իսկ Վահան Տէրեանը իր «Հրաժեշտի Գազէլ»ին մէջ «որդի» բառին տուաւ համամարդկային արժէք. «Տանջուած ու որբ ադամորդուն ասում եմ ես՝ մնա՛ս բարով»։
Յայտագիրը կը մօտենայ իր աւարտին: «Որդի» բառը, մարմին առած որպէս յուսալի հայորդիներ՝ բեմ կը վերադառնայ, մինչ մեր աչքերուն առջեւէն կը սահի երկհազարամեայ ոդիսական մը. ան մերթ մռայլ էր, մերթ ժպտուն, մերթ խոհուն էր, մերթ խօսուն, բայց՝ մի՛շտ իմաստուն, բարձրավիզ, ծառայասէր, լուսաւոր, ազատատենչ…։ «Հայորդեաց Տան» մէջ, Սփիւռքի եւ հայրենիքի հայորդիները յոտնկայս սկսած են միաբերան երգելու. «… Իւր որդիքը այդ կանչում է, Ազատ անկախ Հայաստան…»։