ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Իսրայէլ Ատրպէյճանը չնեղացնելու համար՝ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը. ռուսական «RTV1» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը՝ ըստ թրքական «Ենի Չաղ» թերթի տեղեկատուութեան:
Աղբիւրին համաձայն՝ Լիպերման, պատասխանելով հաղորդավարի այն հարցումին, թէ «որոշ միջազգային կառոյցներ, Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ գործադրելու նպատակով, Իսրայէլին կոչ կ՛ընեն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այս հարցին մասին»՝ նախարարը աւելցուցած է. «Ատիկա, նախ եւ առաջ, պատմական եւ վիճայարոյց հարց է: Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրին վերաբերեալ Իսրայէլի դիրքորոշումը վճռակա՛ն է»:
Լիպերման նաեւ յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ուղղակիօրէն կապուած է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու լաւ վիճակին հետ՝ նշելով. «Անշո՛ւշտ, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները մեզի համար շատ աւելի կարեւոր են»:
Միւս կողմէ, Լիպերման յայտարարած է, որ Իսրայէլ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր տնտեսական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՝ այդ երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին կատարած շարք մը հակաիսրայէլեան քայլերուն պատճառով:
Թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթը իր կարգին կը գրէ, որ Լիպերման ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ նշած է, թէ Թուրքիոյ նախագահը վերջին քանի մը ամիներուն առիթ չի փախցներ Իսրայէլի դէմ սադրանքներ հիւսելու: Ան նաեւ նշած է, որ դէմ է Իսրայէլի կողմէ կառուցուելիք եւ դէպի Եւրոպա երկարող նոր կազատարին Թուրքիոյ տարածքէն անցնելուն: «Կը կարծեմ, որ ռազմավարական մեծ սխալ պիտի ըլլայ կազատարին փականը ձգել Էրտողանի ձեռքը», գրած է Լիպերման:
Նշենք, որ հակառակ յարաբերութեանց լարուածութեան, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը Էրտողանի իշխանութեան օրերուն աճած է շուրջ 4 անգամով, իսկ այս տարի աճած է 14 առ հարիւրով:
Անգամ մը եւս կը փաստուի Իսրայէլի պետութեան վարած անբարոյ քաղաքականութիւնը: ՀՀ Արտգործ Նախարարը կը յայտարարէ որ Հայաստան բարոյական պարտաւորութիւն ունի մասնակցելու ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխատեսման միջոցառումներուն, իսկ հրեական պետութիւնը որ հրկիզման ենթարկուած է, անբարոյ կեցուածք կ’որդեգրէ ցեղասպանութեան մը ճանաչման հարցով: Ազրպէյճանը կարիք ունի Իսրայէլին եւ ո’չ թէ հակառակը: Բայց ինչո՞ւ Ազրպէյճանը չեն ուզեր նեղացնել, որովհետեւ ան զինամթերք կը գնէ հայեր սպաննելու համար: Ահա Իսրայէլի իրական դիմակը: