ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներու Գոհաբանութեան Օրուան հանդիսութիւնը եւ սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 26ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Պետրոսեան» սրահին մէջ: Այս հաւաքոյթը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը: Ներկայ էին եկեղեցւոյ հովիւներէն՝ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, ինչպէս նաեւ պատուարժան հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Գրիգոր Մսըրլեան՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ապա ներկայացուց Գոհաբանութեան տօնին իմաստը: Ան նաեւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորութիւնները:
Եկեղեցւոյ զոյգ հովիւները օրհնեցին սեղանները: Արտակ քահանան իր բացման խօսքին մէջ բացատրեց Գոհաբանութեան Օրուան իմաստը, որ միայն հնդկահաւ ուտելու մէջ չի կայանար, այլ կը նշանակէ հետեւիլ մեր նախնիներու քրիստոնէական հաւատքին եւ օր մը նշանակել՝ գոհաբանութիւն յայտնելու Տիրոջ իր տուած բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար:
Մատլէն Թաթոյեան, իբրեւ օրուան հադիսավարուհի՝ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բացատրեց, թէ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը հիմնական է բոլորին համար:
Ապա, ան հրաւիրեց Հեղինէ Հարպոյեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով երգեց «Լցաք ի բարութեանց քոց Տէր»: Այս աղօթքը կ՛երգենք Ս. պատարագի աւարտին, հաւատացեալներու հաղորդուելէն ետք:
Յաջորդիւ, Ռիմա Մանուկեան կարդաց Պօղոս առաքեալի նամակը՝ փիլիպեցի հաւատացեալներուն։ Գոհաբանութեան զգացումը ծագում առած է Հին Կտակարանէն։ Էմէ Նավշութեան կարդաց 100րդ սաղմոսը՝ Աստուծոյ ուղղուած «Գոհաբանական երգը», որ ամէն Կիրակի կ՛երգուի Ս. պատարագի ընթացքին: Ապա, Սագօ Կինճեան եւ Հրաչ Եսայեան իրենց գեղեցիկ ձայնով եւ նուագարանով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին, իսկ Ճաք Նալչեան «Համաստեղ» աղօթամատեանէն մաս մը կարդաց:
Յաջորդիւ, օրուան պատգամը հայերէնով փոխանցեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայող Ա. սարկաւագ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան, որ բացատրեց Գոհաբանութեան տօնը՝ «որպէս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն Աստուծոյ տուած բոլոր բարիքներուն համար»: Ան իբրեւ օրինակ բերաւ 10 բորոտներու բժշկութիւնը Քրիստոսի միջոցաւ:
Ապա Ռուբինա Թութունճեան անգլերէնով տուաւ իր պատգամը: Ան բացատրեց, թէ նախագահ Լինքըն 1863ին պաշտօնակացուց Գոհաբանութեան տօնը եւ թելադրեց ժողովուրդին երախտագէտ ըլլալու ու փառաւորուելու զԱստուած: Ռուբինա ընթերցեց գոհաբանութեան մասին Հին եւ Նոր Կտակարաններէն մէջբերումներ։ Նուարդ Պալըքճեան եւ Ցոլակ Չիլինկիրեան երկլեզու ընթերցեցին Պօղոս առաքեալի առաջին նամակը՝ ուղղուած Թոսաղոնիկէի հաւատացեալներուն։ Այնուհետեւ, Հրաչ Եսայեան ընթերցեց Դանիէլ Վարուժանի «Ցան» ոտանաւորը, ուր բանաստեղծը կը գովէ հողագործին աշխատանքը:
Աստուածաշունչի վերջին ընթերցումը կատարեցին Թագուհի Սիմոնեան եւ Արաքսի Իսքէճեան՝ Հին Կտակարանի Բ. Օրինաց գիրքէն: Հոս Աստուած Մովսէս մարգարէի միջոցաւ մեզ կը պատուիրէ ուշադրութեամբ գործադրել իր պատուիրանները, ստանալու համար Իր օրհնութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին, հադիսավարուհի Մատլէն Թաթոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի բոլոր մասնակցողներուն: «Կիլիկիա» երգով վերջ գտաւ Գոհաբանութեան Օրուան այս սիրոյ ճաշը՝ զօրացնելով քրիստոնէական մեր կապը բոլորիս հետ:
Սրտաբուխ նուիրատուութեանց գումարը յանձնուեցաւ հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյս պայծառութեան համար գործածուելու:
(Ներկայ Մը)