ԵՐԵՒԱՆ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ Սեպտեմբեր 23ին կայացած «Նորարարէ Հայաստան 2017» փառատօնին ընթացքին, շրջանի հայութեան ներկայացած Հայաստանէն «Որդան Կարմիր» ռաք-երաժշտութեան նուագախումբը, որ հանդէս կու գայ իր ժողովրդային նորարարական իւրայատուկ երաժշտական ոճով, հրապարակած է իր «Լաօ» ձայնասկաւառակը, որ կը ներառէ հայկական ժողովրդական երգերու նոր մշակումներ։
Անոր մէջ կան նաեւ հեղինակային երգեր, որոնք ժամանակակից շունչ կը հաղորդեն գործին:
Միացեալ Նահանգներ իր համերգային շրջագայութեան ընթացքին, 2005ին Վանաձորի մէջ կազմուած «Որդան Կարմիր» խումբը ելոյթներ ունեցած է շարք մը հռչակաւոր բեմերէ, ներառեալ՝ Հոլիվուտի «Whisky a GO GO»էն եւ «Texas Music Cafe»էն, արժանանալով ջերմ ընդունելութեան:
Ալպոմին թուային տարբերակը հասանելի է https://soundcloud.com/vordan-karmir/sets/lao կայքէջէն, կամ՝ «cdbaby», «itunes» ու երաժշտական այլ կայքերէ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.vordankarmir.com կայքը, կամ դիմել info@vordankarmir.com հասցէին։