ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան՝ Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի Ա. կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին այցելեցին Ազգային առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։ Աշակերտներուն կ՛ընկերանային իրենց դաստիարակները եւ խումբ մը ծնողներ։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխտնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեան եւ դասարանի արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի բաժանմունքներուն ուսուցչուհիները։
Ձմրան առաջին օրն էր ու դուրսի մթնոլորտը՝ բաւական ցուրտ, սակայն աշակերտները, իրենց մանկական զրոյցներով ու պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով ջերմացուցին առաջնորդարանի մթնոլորտը։ Անոնք առաջին հերթին առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը։ Միասնաբար արտասանելէ ետք Տէրունական աղօթքը, առաջնորդն ու հոգեւոր հայրերը մատուցեցին Ս. Ծննդեան «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը, որուն ձայնակցեցան մանուկները՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երգելով։
Այնուհետեւ, աշակերտ, դաստիարակ ու ծնողներ անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ եւ արուեստական մոմեր ի ձեռին՝ գրաւեցին բեմը, սրահին աթոռները ձգելով հանդիսական ծնողներուն։ Անոնք պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը։ Նախ քանի մը աշակերտներ յաջորդաբար արտասանեցին ողջոյնի խօսք. անոնք ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ Ազգ. առաջնորդարան կ՛այցելեն եւ որ առաջնորդ սրբազանը կ՛ընդունի զիրենք, ապա խնդրեցին անոր օրհնութիւնը եւ ուզեցին լսել անոր պատգամը։ Աշակերտները ըսին նաեւ, որ սորված են Ս. Ծննդեան պատմութիւնը, թէ ինչպէս Յիսուս լուռ գիշեր մը ծնած է Բեթղեհէմի մսուրին մէջ, հրեշտակները աւետիսը տուած են բարի հովիւներուն՝ ըսելով, որ պէտք չէ վախնան, այլ՝ ուրախանան։ Խորքին մէջ, յայտագիրի այդ բաժինը Ս. Ծննդեան պատմութիւնն էր՝ երգերով ու արտասանութիւններով ճոխացած։ Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ դպրոցին մէջ կը ստանան քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն, կը խոստանան ըլլալ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ մեր քաջ պապերուն հարազատ թոռները, ըլլալ հայրենասէր ու բարձր պահել հայ ազգին անունը։ Անոնք այս ոգիով շնորհաւորեցին առաջնորդն ու ծնողները, ապա ներկայացուցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած շարականներ, երգեր ու արտասանութիւններ։ Մատուցումը համաչափ ու ներդաշնակ էր։ Յուզիչ պահ մը ստեղծուեցաւ, երբ անմահ Մուշեղ Իշխան մանուկներուն բերանով Կաղանդ Պապային գրուած նամակին մէջ խնդրեց, որ Կաղանդ Պապան Մասիսը բերէ…
Սրբազանը հրաւիրուեցաւ ուղղելու իր պատգամն ու տալու օրհնութիւնը։ Ան առաջին հերթին ուրախութիւն յայտնեց աշակերտներուն այս այցելութեան համար եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ ուրախ է. «Առաւօտուն, Կաղանդ Պապայէն նամակ մը ստացայ. հոն կը յայտնէր, թէ այսօր դուք Ազգ. առաջնորդարան պիտի գաք եւ մեզի ուրախ պահ մը պիտի նուիրէք. ըսաւ նաեւ, որ դուք շնորհքներով հարուստ բարի ու աշխատասէր աշակերտներ էք», յայտնեց առաջնորդը եւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ անոնք լաւ գիտեն Յիսուսի Ծննդեան պատմութիւնը։ Ան մաղթեց, որ իբրեւ մեր պատմութեան ու լեզուին հաւատարիմ աշակերտներ՝ անոնք լաւ ժառանգորդները կ՛ըլլան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, հայերէն կը խօսին ու կ՛աղօթեն, ապա հաւաստեց, որ եթէ այս բոլորը ընեն՝ Կաղանդ Պապան կը խոստանայ Մասիսը բերել իրենց։ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց գոհունակութիւն յայտնելով, որ աշակերտները ուրախութիւն տարածեցին առաջնորդարանի յարկին տակ, ու մաղթեց, որ մանուկներուն բարութիւնն ու խաղաղասիրութիւնը համակէ ամբողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը. ան օրհնեց աշակերտները, ծնողները, տնօրէնութիւնն ու դաստիարակները՝ մաղթելով, որ տան ու դպրոցի յարկին տակ հայութեան համար հպարտութիւն առթող սերունդներ հասակ առնեն։
Աշակերտները նաեւ յուշանուէրներ բերած էին առաջնորդ սրբազանին, որ իր կարգին, անոնց նուիրեց գեղեցիկ խաչեր ու սրբապատկերներ, իսկ ուսուցիչներուն ու ծնողներուն՝ աղօթագիրքեր։
Հանդիպումը վերջ գտաւ խմբանկարներով։
«գեղեցիկ խաչեր»… երեւի տգեղ խաչեր ալ կան…