ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆուուու շուի դաշնակցութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Պուտտա Ատմա» ակումբին մէջ տեղի ունեցան Ս. Ծննդեան Թաու Լուի մրցումները՝ մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. «Անթունիէ Պաապտա», «Պել Հորիզոն», «Սանթրալ Ժունիէ», «Սքուեր Ֆիթ Քլապ», «Այնճար Ամիթի» եւ «Լուէյզի»:
Տիրանալով 29 մետալի եւ ապահովելով 133 կէտ՝ «Այնճար Ամիթի» գրաւեց 2րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ «Անթունիէ Պաապտա»ն (203 կէտ), իսկ երրորդ՝ «Սքուեր Ֆիթ» (128 կէտ):