ՊԷՅՐՈՒԹ.- 35 տարիներ առաջ հայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ լիբանանահայութիւնը մասնաւորաբար կը կորսնցնէր պարզ, խոնարհ, լռութեամբ գործած, բայց նոյն ատեն քաջ մարտիկի եւ առասպելական ղեկավարի յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մը, որուն մասին խօսած են ու պիտի խօսին շատեր, որուն շունչով թրծուած են սերունդներ, որուն ձգած աւանդով հարստացած է կեանք մը ամբողջ:

35 տարիներ առաջ թրքական անարգ ոճիրի մը զոհը կը դառնար Աբօ Աշճեան, որուն յիշատակը անմահացնելու եւ անոր վաստակին ու նուիրականութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով, Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Աբրահամ Աշճեան» փողոցին:
ՀՄԸՄի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ ըսաւ, թէ Աբօ Աշճեանի անունը կրող փողոցի բացման այդ նախաձեռնութիւնը խորհուրդին նուազագոյն պարտականութիւնն է ղեկավարի մը նկատմամբ, որ Պուրճ Համուտը պահեց իր սիրտին մէջ, պահպանեց զայն ու անոր բնակիչները՝ դիտել տալով, որ եթէ Պուրճ Համուտն ու անոր բնակիչները իրենց կարգին գիտակցէին Աբօ Աշճեանի վաստակին, իրենք եւս անոր անունը պիտի պահէին իրենց սիրտերուն մէջ: Բայց եւ այնպէս, աւելցուց Ճորճ Գրիգորեան, Աբօ Աշճեան այն անձնաւորութիւններէն էր, որ լռութեամբ աշխատեցաւ, նուիրաբերեց ու զոհուեցաւ, իսկ սերունդներ վայելեցին անոր գործունէութեան արգասիքը՝ առանց գիտնալու, թէ որո՛ւն պէտք է շնորհակալ ըլլալ: Ան ըսաւ, որ այսօր, թշնամիին եւ անոր գործակալներուն կողմէ անոր առեւանգման 35ամեակին, մեր պարտքն է խոստովանիլ, թէ Աբօ Աշճեան որքա՛ն մեծ ներդրում ունեցած է Պուրճ Համուտի մէջ, մանաւանդ որ ան ղեկավար դիրքի վրայ էր այնպիսի փուլի, երբ Լիբանան արիւնահեղութեամբ տարուած էր, եղբայրասպան կռիւները տիրական էին: Ճ. Գրիգորեան հաստատեց, որ դաշնակցական այդ անձնաւորութիւնը մերժեց զէնք բարձրացնելու գործելաոճը՝ հանդիսանալով այն ղեկավարը, որ գործնականօրէն մարմնաւորեց Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրուած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, անոր լաւագոյն թարգմաններէն մէկը եղաւ՝ ձգտելով լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ ՀՅԴն մասնաւորաբար վերածել խաղաղութիւն ու բարիք հաստատելու միտող, լարուածութիւնն ու թշնամութիւնները հանդարտեցնող, քաղաքացիներուն տառապանքը նուազեցնել փորձող կողմի: Այս ծիրին մէջ ալ, Աբօ Աշճեան ճիգ չխնայեց, որ Պուրճ Համուտը ըլլայ հոն հաստատուած անխտիր բոլոր բնակիչներուն ապահով օրրան մը՝ հեռու ոճիրներէ եւ պատերազմէ, վայր մը, ուր մարդիկ կ՛ապրին, կ՛աշխատին եւ իրենց քրտինքով իրենց առօրեայ հացը կ՛ապահովեն, իսկ երբ պատերազմի բոցը նաեւ հասաւ Պուրճ Համուտ, մեծ ղեկավարը ջանաց կարելի եղածին չափ նուազագոյնի իջեցնել արիւնահեղութիւնը եւ շրջանը հեռացնել մահուան բովէն:

«Իսկ երբ մենք այսօր կը հպարտանանք, որ Պուրճ Համուտը իր սիրտը բացաւ բոլորին, բոլորը իր գիրկը առաւ ու պաշտպանեց զանոնք, աշխատանք եւ բնակութիւն ապահովեց բոլոր իրեն դիմողներուն, կարելի եղածին չափ, ուրեմն կը հպարտանանք արգասիքովը ուղեգիծի մը, զոր հիմնադրեցին սակաւաթիւ լիբանանցիներ ու ղեկավարներ, որոնց յառաջատարներէն է դաշնակցական ղեկավար Աբօ Աշճեան», հաստատեց Ճորճ Գրիգորեան: Աւարտին, իր խօսքը ուղղելով Աբօ Աշճեանին, ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը այսօր իր պարտքին մէկ բաժինը կը վերադարձնէ՝ այն յոյսով ու ինքնավստահութեամբ, որ Պուրճ Համուտը պիտի մնայ ինչպէս կը ձգտէր դաշնակցական ղեկավարը՝ բոլորը հիւրընկալող, խաղաղ ու ապահով:
Անկէ ետք խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ 35 տարի առաջ առեւանգուած դաշնակցական կարկառուն դէմքերէն Աբօ Աշճեանին շատ բան կը պարտին հայութիւնը, լիբանանահայութիւնը եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի բնակիչները անխտիր: Ան հաստատեց, որ Աբօ Աշճեան մնայուն ներկայութիւն էր հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար մղուող պայքարին ընթացքին՝ ըլլալով Պուրճ Համուտի պաշտպանութեան գործին մղիչ ուժը իր ամրակուռ կեցուածքով եւ օրինակելի գործունէութեամբ: «Ընկեր Աբրահամ Աշճեանի ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրում եղաւ Հայ դատի գործնական աշխատանքներուն: Ան մարմնացումը հանդիսացաւ ազգին ու գաղափարին ծառայելու ոգիին: Դժուար է տեսնել մէկ մարդու մէջ այնքա՜ն հաւատք եւ սէր իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ: Միաժամանակ քաջ, խիզախ եւ համեստ, կարգապահութեան եւ գաղտնապահութեան տիպար: Մէկ խօսքով՝ ամբողջական դաշնակցական եւ մեծ հայ, որ միշտ պատրաստ է գերագոյն զոհողութեան՝ իր ազգին համար», ըսաւ քաղաքապետը:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Մարտիկ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ թէեւ նման անձնաւորութիւններ ոչինչ կ՛ակնկալեն իրենց կատարածին փոխարէն, սակայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը երախտագիտութեան համեստ արտայայտութիւնը կ՛ունենայ Աբրահամ Աշճեանի անունով կոչելու Պուրճ Համուտի կարեւոր փողոցներէն մէկը:
Անկէ ետք Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան օրհնեց փողոցը:
Ապա տեղի ունեցաւ «Աբրահամ Աշճեան» փողոց անուանումը կրող ցուցանակի քօղազերծումը:
Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, երեկոյեան ժամը 8ին «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աբօ Աշճեանի առեւանգման 35ամեակին առիթով կիսանդրիի զետեղման հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Անի Մկրտիչեան-Տէրտէրեան, ապա «Սարդարապատ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Շանթ Ալեմէզեան, որ վեր առաւ Աբօ Աշճեանի արժանիքները, անոր նկատմամբ գործուած ոճիրին ահաւորութիւնն ու անոր կորուստին ծանրութիւնը հայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ դաշնակցական ղեկավարը ապահովական ծանր պարտականութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններէն էր, որ կը յատկանշուէր իր խիզախութեամբ, անձնուրացութեամբ, կը վայելէր լիբանանահայութեան մեծամասնութեան յարգանքը: Ապա Շ. Ալեմէզեան անդրադարձաւ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ Աբօ Աշճեանի անունով սրահին, ուր սերունդներ կը կերտուին անոր շունչով ու հոգիով՝ աւելցնելով, որ Անդօ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով ակումբի համանուն սրահին մէջ արդէն իսկ զետեղուած է Աբօ Աշճեանի կիսանդրին՝ իբրեւ երախտագիտութիւն դաշնակցական ղեկավարին գործունէութեան ու նուիրումին:
Ապա տեղի ունեցաւ Աբրահամ Աշճեանի կիսանդրիի քօղազերծումը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Շահան Գանտահարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Աբօ Աշճեանի նկարագրային գիծերը եւ արժանիքները, որոնց մասին յստակօրէն տեղ մը չէ գրուած թէեւ, սակայն անոնց շնորհիւ ընկեր Աբոյին անունը անընդհատ շրջանառութեան մէջ պահուած է ո՛չ միայն զինք ճանչցած, անոր հետ գործակցած ընկերներու, այլ նաեւ իրերայաջորդ կուսակցական սերունդներու կողմէ, որոնք ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ զգացած են մեծ հեղինակութեան մը ազդեցութիւնը կուսակցական համատարած մթնոլորտին վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ ժամանակուան պատանեկան միութիւններու անդամներուն կամ ԼԵՄականներուն պատկերացումներուն մէջ Աբօ Աշճեանի հսկողութեան տակ գործող տղաքը կը ներկայանային իբրեւ «վտանգ չէզոքացնող, ականազերծող, զինուորական արագ գործողութիւն իրականացնող փորձագէտ եւ մարտական հմտութիւն ունեցողներ՝ բոլորն ալ ենթակայ ընկեր Աբոյին, բոլորը կարգապահ զինուորները ընկեր Աբոյին»: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Աբօ Աշճեանի կեցուածքին եւ գործելաոճին շնորհիւ է, որ տուեալ կառոյցի տղաքը զգացին իրենց պատասխանատուութեան տարողութիւնը, եւ հակառակ անոր որ մարմիններու անդամ չեղան ու բարձրագոյն ժողովներու չմասնակցեցան, սակայն ապահովութիւն ներշնչեցին ու անոր երաշխիքը տուին կուսակցութեան՝ յաղթահարելով առանձնաշնորհեալ կարգավիճակ ունեցած ըլլալու փորձութիւնը:
«Ընկեր Աբօն ի՛նք եղաւ կենդանի օրինակը: Բոլորը կը վկայէին, որ կուսակցական ղեկավարութեան մօտ սքանչելի համատեղում գոյութիւն ունէր քաղաքական եւ մարտական մտածողութիւններու: Ոչ անպայման կանոնագիրով բառացիօրէն ճշդուած, այսուհանդերձ իւրաքանչիւր բաժինի դերը լռելեայն, ինքնըստինքեան հասկցուած էր ու զիրար ամբողջացնող: Եթէ ընկեր Աբօն լուռ էր ժողովներուն, ապա իր գործին վերաբերող քաղաքական բաժինի որոշումները տուողները անպայման կը յենէին իր ամբարած ու կուտակած ուժին վրայ: Այդ ժամանակաշրջանը լիբանանահայ համայնքի ամէնէն թէժ օրերն էին: Երբ քաղաքական որոշում կը տրուէր, կար գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ այդ որոշումի գործադրման համար կար ուժը. ուժ, որ ստանձնած էր ո՛չ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ ամբողջ ժողովուրդին անվտանգութիւնը», շեշտեց Շահան Գանտահարեան:
Ապա բանախօսը անդրադարձաւ Աբօ Աշճեանի առեւանգումին յաջորդած բազմամարդ հաւաքներուն, որոնց ընթացքին շատերու մտապատկերին մէջ ան կը կաղնիանար իբրեւ ժառանգորդը Նիկոլ Դումաններու, Դրօներու, Նժդեհներու ու տակաւին հայ ժողովուրդը տարբեր օրհասներէ փրկած ղեկավարի յատկանիշներով գործած դաշնակցական հայդուկապետներու: Ան աւելցուց, որ այդ ժամանակաշրջաններու ուսումնասիրութիւնները շատ բան պիտի բացայայտեն գետնի վրայ տեղի ունեցածին մասին՝ հաստատելով, որ այդ շրջանի պատմութեան մէջ յաղթական պիտի կանգնի ընկեր Աբօն, «լուռ ղեկավարէն մինչեւ վտանգաւոր օրհասներու առաջնագիծին վրայ կանգնողը, Դաշնակցութեան յենասիւնը նկատուած մարտական կառոյցը գլխաւորելէ մինչեւ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն «Սարդարապատ» ակումբի մաքրութեան լծուած պատանի ընկերուհիէ ջուրի դոյլը խլած եւ մաքրութեան մասնակցած համեստ ու հոգատար ընկերը, մինչեւ իր անձնական ապահովութեան համար այլ ընկերներու կեանքը վտանգել մերժած լուսաւոր դէմքը: Մինչեւ պատանդուած վիճակի մէջ թշնամիին տեղեկութիւն չփոխանցելու համար ֆիզիքական ինքնաչէզոքացումի փորձ կատարած հերոսը»:
Իր խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն լիբանանահայութեան գործելաոճը, ուր տարբեր տարիքի անձեր միացած էին մէկ նպատակի շուրջ՝ Դաշնակցութեան դրօշին տակ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր գործին մասնակցելու, այդ ալ՝ ընկեր Աբոյին ղեկավարած դաշնակցական կառոյցին յարկին տակ: «Կառոյց, որ ո՛չ միայն պատիւով կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական որոշումները Լիբանանի մէջ, այլ ամբողջ հայ ժամանակակից ազատագրական շարժումին նոր փայլք ապահովեց՝ քանդելով լռութեան պատը եւ ճամբայ հարթելով հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական աշխատանքներուն: Այդ փայլուն կատարողականութիւնը, առաջին հերթին, հայութիւնը կը պարտի ընկեր Աբոյին», ըսաւ բանախօսը:
Ապա Սերոբ Յակոբեան մեկնաբանեց Աբօ Աշճեանի յիշատակին նուիրուած երգը: Ձեռնարկին ընթացքին Քրիսթինա Սրապոնեան հանդէս եկաւ ասմունքով:
Իբրեւ երախտագիտութիւն՝ այս նախաձեռնութեան, «Սարդարապատ» կոմիտէն յուշանուէր մը յանձնեց Անդօ Պօղոսեանին:
Unfortunately, it took 35 years to honor a hero like Apo!!