ԵՐԵՒԱՆ.- Հենրիկ Մխիթարեանի այլ ակումբ տեղափոխուելուն մասին կը խօսին գրեթէ բոլորը, իսկ «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի մեկնարկային կազմէն Հենրիկի խաղալը նոր մտորումներու առիթ տուաւ: Նման կարծիք կը յայտնէ «Սփութնիք Արմէնիա»ի մարզական մեկնաբան Խաչիկ Չախոյեան:
Անգլիական «Փրեմիեր լիկա»ի 21րդ փուլի հանդիպումներու շարքին, Դեկտեմբեր 30ին «Մանչեսթեր Եունայթըտ»ը իր սեփական դաշտին վրայ մրցեցաւ «Սաութհեմփթըն»ի հետ: Հենրիկ Մխիթարեան մասնակցեցաւ այդ խաղին՝ առաջին իսկ վայրկեանէն, ու փոխարինուեցաւ միայն խաղի աւարտէն 25 վայրկեան առաջ:
Խաղին հետեւողը կրնար եզրակացնել, որ Մխիթարեան լաւ մարզավիճակի մէջ չէր: Երկար ժամանակ մնալով պահեստայիններու նստարանին վրայ կամ մարզիչի յայտացուցակէն դուրս՝ Մխիթարեան չէր կրնար լաւ մարզավիճակ ունենալ:
«Սաութհեմփթըն»ի հետ Հենրիկի խաղադաշտ դուրս գալը առաջին իսկ վայրկեանէն երկու բան կրնայ նշանակել: Մորինիօն կա՛մ պարզապէս կը դիմէ հերթափոխի՝ վերականգնելու հնարաւորութիւն տալով մարզիկներուն, կա՛մ դարձեալ կը մտածէ Հենրիկը խումբին մէջ պահելու մասին: