ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հանրայայտ անգլիացի ճեզ երգչուհի Ճաս Սթոն «Փափ Մաթերզ» (Pop Matters) միջազգային առցանց ամսագիրին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ, եթէ կարելի է, անպայման պէտք է փորձել հայկական գինին:
Պատասխանելով այն հարումին, թէ բազմաթիւ երկիրներ ըլլալէ ետք ինչ բանը կ՛ուզէր, որ միշտ իր հետ ըլլար. երգչուհին առանձնացուցած է հայկական գինին:
«Հայաստան գտնուած օրերուն փորձեցի գինին, որ մատուցուեցաւ յաճխապակեայ կուժով: Ան, որ հնարաւորութիւնը ունի պէտք է անպայման փորձէ այդ գինին», կ՛ըսէ երգչուհին:
Նշենք, Ճաս Սթոն Հայաստան այցելած էր Հոկտեմբեր 2016ին՝ իբրեւ «Երեւան Ճազ Ֆես»չ միջազգային փառատօնի հիւր: