ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Անատոլու Քիւլթիւր» կազմակերպութեան նախագահ Օսման Քաւալա, որ ծանօթ է իր հայանպաստ կեցուածքներով եւ որ անցեալ տարուան Նոյեմբեր 1էն ի վեր բանտարկուած կը մնայ, բանտէն յայտարարութիւն մը ըրաւ իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւններուն կապակցութեամբ։
Յիշենք, որ Քաւալա ձերբակալուած էր Այնթապէն վերադարձին եւ կը մեղադրուի Յուլիս 15ի զինուորական հարուածին աջակցելուն ու Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերը կազմակերպելուն համար։
Քաւալա իր յայտարարութիւնը հրապարակեց իր փաստաբաններուն միջոցաւ՝ ըսելով հետեւեալը. «Երբ զիս ձերբակալեցին, ես մտահոգ չէի։ Յոյս ունէի, որ անմիջապէս կը հասկնան, թէ կասկածները անհի՛մն են, սակայն իմ ձերբակալութիւնն ու ինծի վերագրուած մեղադրանքները, որոնք պատճառ դարձան բանտարկութեանս, անակնկալ էին ինծի համար։ Մեղադրանքին մէջ կ՛ըսուի, թէ ե՛ս կազմակերպած եմ Կեզի հանրապարտէզին դէպքերը։ Կայ նաեւ պնդում մը, թէ ես նիւթապէս օժանդակած եմ ցոյցերուն։ Ինչպէս կը յիշէք, Կեզիի դէպքերէն ետք եղան յայտարարութիւններ այն մասին, որ ցոյցերը կազմակերպուած էին եւ անոնց նիւթական աջակցութիւն տրամադրուած էր արտասահմանէն։ 2014ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նոյնպէս կը նշուէր, որ կայ հետաքննութիւն մը, որ կը վերաբերի ինծի եւ Կեզիի դէպքերուն։ Այնուհետեւ, 2015ին, այս խնդիրով հետաքննութիւն վարողը ձերբակալուեցաւ եւ մինչեւ այսօր ան բանտարկուած կը մնայ։ Վերջ ի վերջոյ, այս անհիմն պնդումներուն վերաբերեալ մինչեւ օրս որեւէ ապացոյց չէ յայտնաբերուած, եւ ես միակ անձն եմ, որ ձերբակալուած է այս հարցով։
Ինչ կը վերաբերի իմ ձերբակալութեան, ապա ես յատկապէս տարօրինակ կը նկատեմ այն պնդումները, որոնք իբրեւ թէ զիս կ՛առնչեն Կիւլենին ու Յուլիս 15ի հարուածի փորձին։ Ցնցուած եմ տեսնելով, թէ նմանօրինակ ամբաստանութիւններ կը վերագրուին ինծի, մինչդեռ ես իմ ամբողջ կեանքին ընթացքին հանդէս եկած եմ յեղաշրջումներու դէմ եւ փորձած եմ հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւել այն ժխտական ազդեցութիւններուն վրայ, զորս Կիւլենի համայնքը տարիներ շարունակ ձգած է պետութենէն ներս։ Ինծի համար խի՛ստ վիրաւորական են այն պնդումները, ըստ որոնց՝ իբր թէ ես առնչուած եմ այդ շրջանակներուն։ Վստահ եմ, որ շուտով պիտի պարզուի, թէ այդ պնդումները անհի՛մն են։ Կը կարծեմ, որ երկրի արտակարգ դրութիւնը եւս կ՛ազդէ դատավարութեան մթնոլորտին վրայ, եւ ձերբակալութեանս որոշումը կրնայ բխած ըլլալ այդ երեւոյթէն։ Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ անմեղութեան վարկածը եւս նկատի չ՛առնուիր։ Հակառակ այս բոլորին, ես կը հաւատամ, որ նոր տարին աւելի լաւ տարի մը պիտի ըլլայ ժողովրդավարութեան ու ազատութիւններուն համար»։