Հինգշաբթի, 4 Յունուարի երեկոյեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի «Նեպիլ Քահալէ» սրահը թնդաց ՀԲԸՄ-ՀԵԸի «Անդրանիկ» փողերախումբին անզուգական նուագահանդէսով: Սրահին բոլոր աթոռները զբաղեցուցած ներկաները, որոնց մէջ՝ Լիբանանի մօտ Ռումանիոյ հիւպատոս Քաթալին Ալպու, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ միութենականներ ըմբոշխնեցին բարձրորակ արուեստի եւ կատարողականութեան հրաշալի պահեր:
Տօնական մթնոլորտի խորհուրդով զարդարուած սրահին վարագոյրը բարձրանալէ ետք, աւելի քան երեսուն անդամ-անդամուհիներ հաշուող փողերախումբը, խմբավար Սեմի Յակոբեանի գլխաւորութեամբ յաջորդաբար կատարեց Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի քայլերգները:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Սահակ Թաշճեան (հայերէն) եւ Արազ Չերչեան (արաբերէն) փոխանցեցին փողերախումբի վարչութեան խօսքը։
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբը յաջորդաբար ներկայացուց հայկական, արեւմտեան, արաբական, դասական երաժշտութեան պատառիկներ:
Յայտագիրը աւարտեցաւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը հաղորդող նուագներով:
Համերգը անկասկած վկայութիւն մըն էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբին բարձր կարողականութեան:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ
ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ
ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ