ՈՒԻՆԵԹՔԱ, ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Շաբաթ, Յունուար 20ին տեղի պիտի ունենան Հրանդ Տինքի նահատակութեան 11րդ տարելիցին նուիրուած քննարկում եւ հոգեհանգիստ, ինչպէս նաեւ՝ մեծարում:
Հոգեհանգստեան եւ ծաղկեպսակներ զետեղելու արարողութիւնները պիտի կայանան կ.ե. ժամը 2ին, Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park 850 Via San Clemente, Montebello, CA 90640):

Երեկոյեան ժամը 6ին պիտի սկսի քննարկումը՝ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306), որուն ընթացքին Հրանդ Տինքի անուան շքանշանը պիտի շնորհուի ֆրանսահայ հասարակական ու քաղաքական գործիչ՝ Արցախի ազատամարտի մասնակից ու Հրանդ Տինքի մանկութեան ընկեր Սարգիս Հացպանեանին:
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է փրոֆ. Ասլը Պալի, իսկ զեկուցողները պիտի ըլլան՝ տոքթ. Սինան Պիրտալ, դոկտ. Ռիւքեն Շենկիւլ եւ դոկտ. Եքթան Թիւրքլըլմազ։ Բանախօսութիւններէն ետք կայանալիք քննարկումը պիտի առաջնորդեն փրոֆ. Ասլը Պալի եւ Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան, որ նաեւ պիտի ստանձնէ հանդիսավարի պարտականութիւնը։
Բացման խօսքը պիտի արտասանէ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան։
Մուտքը ազատ է, իսկ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, Պոլսահայ միութեան կեդրոնի «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին՝ (818) 800-1976 թիւով: