ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ պիտի շարունակէ աջակցիլ Մինսկի խումբի համանախագահներու աշխատանքին՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ծիրէն ներս. Վիեննայի մէջ Յունուար 11ին այսպէս յայտարարած է ԵԱՀԿի նոր նախագահ՝ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ, որ նաեւ ներկայացուց իր երկրին առաջնահերթութիւնները: Նշենք, որ այս տարի Իտալիա ստանձնած է ԵԱՀԿի նախագահութիւնը։
Ալֆանօ ըսած է նաեւ, որ ԵԱՀԿի դիրքորոշումը անփոփոխ պիտի մնայ չկարգաւորուած հակամարութիւններուն վերաբերեալ, եւ այդ հարցերը պիտի մնան կազմակերպութեան ուշադրութեան առարկան: