
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկեան լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ գաղթականներու նուիրուած քննարկումի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Յունուար 11ին «արտաքնոց» (աւելի ճիշդ՝ կղկղանքի փոս) որակած է Հայիթին, Սալվատորը եւ ափրիկեան երկիրներ, որոնք գաղթականներ կը ղրկեն Ամերիկա՝ դարձեալ բացայայտելով իր ծայրայեղ ազգայնամոլ մղումները, զորս յաճախ դժուարութեամբ կրնայ զսպել։
Նշեալ երկիրներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ նախագահին հետ հանդիպման մասնակցած քոնկրեսականները եւ այլ քոնկրեսականներ ու պաշտօնատարներ, Յունուար 12ին խստօրէն դատապարտեցին նախագահի մը անվայել համարուող այս հայհոյանքը, մինչ Թրամփ, որ այս մասին լրագրողներու հարցումներուն ուղղակի պատասխան տալ մերժեց, աւելի ուշ պնդեց, թէ իր ըսածներուն մէջ վիրաւորական ոչի՛նչ կար…
Սակայն, հանդիպման ներկայ եղած ծերակուտական Տիք Տըրպըն այս «հերքում»էն ետք պնդեց, թէ Թրամփ ոչ միայն մէկ, այլ քանի մը անգամ գործածած է այդ անարգական բառը։
Իր կարգին, ծերակուտական Տայան Ֆայնսթայն յայտնեց, թէ Թրամփ պէտք չէ նախագահ մնայ, եթէ ինքզինք զսպելու կարողութիւնը չունի, եւ աւելցուց, թէ «ցեղամոլութիւնը տեղ չունի Սպիտակ տան մէջ»։
«Նիուզուիք»ի կատարած հաշուարկով, Միացեալ Նահանգներ անցեալ տարի 46.6 միլիառ տոլարի առեւտուր կատարած է Թրամփին կողմէ անարգուած երկիրներուն հետ։