ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի նախագահութեամբ՝ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Ջերմուկ քաղաքի զարգացման ծրագիրին շուրջ աշխատանքային խորհրդակցութիւն:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան կառավարութեանն առընթեր Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեան, Տարածքային զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեան, Ջերմուկի քաղաքապետ Վարդան Յովհաննիսեան եւ «Երեւան նախագիծ» հիմնարկութեան տնօրէն Սուրէն Օհանեան:
Քննարկուեցաւ Ջերմուկ քաղաքի զարգացման 2018ի ծրագիրը, մասնաւորապէս՝ ներդրումային նոր ծրագիրներու ձեւաւորման եւ դրամական միջոցներու ներգրաւման վերաբերող հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն:
Բացի արդէն սահմանուած ծրագիրներէն առաջարկեց իրականացնել Ջերմուկ քաղաքի զբօսայգիի բարեկարգումը: