Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքին։
Այս տարի, ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ 30 Յունուարին, «Հոթել տիւ Քլեքսիոնէօր» (Hotel du Collectionneur) հիւրանոցին մէջ:
Ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահին բարձր հովանիին ներքոյ: Ընթրիքին ընթացքին կ՛ակնկալուի Ֆրանսայի նախագահին ելոյթը:
Աւանդական դարձած ընթրիքին սովորաբար կը մասնակցին Ֆրանսայի նախագահը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, կառավարութեան անդամներ, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի պետական եւ տեղական իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հոգեւոր հայրեր: