Ճատրակի պրազիլահայ գերվարպետ Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան դարձաւ Պրազիլիոյ ճատրակի ախոյեան:
Մխիթարեան Պրազիլիոյ ախոյեանութեան 3 ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող ճատրակի վարպետներէն է: 7 հնարաւորէն հաւաքելով 6 միաւոր՝ հայ մարզիկը դարձած է յաղթող, արժանանալով 1300 տոլար պարգեւի:
Պրազիլիոյ ճատրակի ախոյեանութիւնը բաց մրցաշարք է, եւ անոր կը մասնակցէին Փարակուէյէն եւ Ճափոնէն ճատրակ խաղացողներ:
Գրիգոր-Սեւակ Մխիթարեան ծնած է 1986ին Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ, ուր եւ կ՛ապրի մինչ օրս: Անոր մայրը Պրազիլէն է, հայրը՝ Լիբանանէն: Ծնողները մանկութենէն սերմանած են անոր մէջ սէրը դէպի հայրենիք, հայ մշակոյթ եւ լեզու, որուն շնորհիւ Սեւակը հիանալի կը տիրապետէ հայերէնին: Անոր խօսքերով՝ շատ հպարտ է անով եւ ուրախ, որ մրցաշարերու ընթացքին հայ մասնակիցներուն հետ կը խօսի մայրենի լեզուով: Յաճախած է Սան Փաուլոյի հայկական դպրոցը: