Սփիւռքեան Աշխարհատարած Իրականութիւնը Կարօտն Ունի Հայապահպանումը Յառաջ Տանելու Արդի՛ Շունչով
Վարեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ փոխադրուած էք Ամերիկա:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած եմ երկու հանգրուանով: Առաջին անգամ Հալէպէն Լոս Անճելըս մեկնեցայ՝ համալսարանական կրթութիւնս շարունակելու եւ մագիստրոսի կոչումը նուաճելու միտումով, 1982ին: Երկրորդ անգամ Մոնթրէալէն մեկնեցայ Փրինսթըն, ԱՄՆ, 1987ին, եւ ստանձնեցի աշխատանքս AT&T Bell Laboratories գիտահետազօտական կեդրոնէն ներս:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչը մղած է ձեզ «հայթէք»ի այս բարդ մասնագիտութեան հետեւելու:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Մանկութենէս շատ սիրած եմ թուաբանութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը. իմ նախասիրած ասպարէզս էր եւ է՛ տակաւին: Երբ դեր դպրոցական աշակերտ էի, ամառները, ճարտարագիտական տարբեր ընկերութիւններու մէջ կ՛աշխատէի: Հայրս ալ ճարտարագէտ էր եւ Հալէպի ելեկտրամատակարարման ընկերութեան թեքնիք գծով տնօրէնն էր: Դպրոցական ուսումս աւարտելու շրջանին, համալսարանէն ներս նոր ընդգրկուած էր համակարգչային ճարտարագիտութեան բաժինը: Հօրս հետ խորհրդակցելէ ետք, այս խոստմնալից բնագաւառը ընդունեցի իբրեւ մասնագիտութիւն: Տարիներ ետք, դոկտորական կոչումս նուաճելու համար աւելի նեղ մասնագիտութիւն մը ընտրեցի եւ յառաջացայ electronic chip-երու մարզին մէջ ու անոնց որակը բարելաւելու միտումով առաջարկեցի chip-երու ինքնաստուգման գաղափարը եւ ներքին խելացի համակարգը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ծնողները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր ազգային նկարագիրի կազմաւորման մէջ:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Ազգին ծառայելու հնարաւորութիւններուն ուղղուած քննարկումները մեր տան ամէնօրեայ զրոյցներուն մեծ եւ կարեւոր մասը կը կազմէին: Սերած եմ գործունեայ, ազգանուէր եւ ծառայասէր ընտանիքէ մը: Հայրս եւ մեծ հայրերս ծաւալած են եռուն գործունէութիւն, յատկապէս՝ Հալէպահայ համայնքի երիտասարդական եւ կրթական մարզերէն ներս: Իրենց վարքով ու վարկով եղած են օրինակելի այն կերպարները, որոնց միշտ ուզած եմ հետեւիլ: Դեռ աչքիս առջեւէն կը սահի այն պատկերը, երբ մեծ հայրս, սրբազան հօր ուղեկցութեամբ՝ կայցելէր Հայկազեան Ազգ. վարժարանը, իսկ ես նստած գրասեղանէն կը հետեւէի անոնց զրոյցին, թէ ինչպէ՛ս կը ստուգեն դպրոցի պայմանները: Ազգին նուիրուելու անհրաժեշտութիւնը ուղղակիօրէն ինծի չեն թելադրած անոնք, երբե՛ք, սակայն իրենց օրինակով միշտ հանդիսացած են մղիչ ուժը, որպէսզի ե՛ս նոյնպէս պահպանեմ ազգային ինքնութիւնս եւ զայն յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու հեռանկարը ունենամ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ համալսարաններ յաճախած էք՝ ձեր ներկայի բարձր մասնագիտութիւններուն հասնելու համար:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն (USC) ստացած եմ մագիստրոսի կոչումը՝ համակարգչային ճարտարագիտութեան մէջ: Դոկտորական կոչումը ստացած եմ Մոնթրէալի «McGill» համալսարանէն: Իսկ MBA-ի տիրանալու համար, յաճախած եմ Փենսիլվանիոյ համալսարանը (Wharton school of business): Մասնագիտութեանս մէջ նորութիւններուն հետ քայլ պահելու եւ նորարար հանդիսանալու համար, կը հաւատամ, որ պէտք է միշտ «ուսանող» մնամ եւ պրպտումներ կատարեմ: Առ այսօր կը գործակցիմ զանազան համալսարաններու հետ, դոկտորական թեկնածութեան ուսանողներու աշխատանքները կ՛ուղղեմ եւ նորարարութիւններս կը շարունակեմ հրատարակել գիրքերով ու յօդուածներով՝ միջազգային համագումարներու եւ գիտահետազօտական հրատարակութիւններու մէջ զարկ տալով գիտութեան այս ոլորտի արդիականացման:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետը «Սինոփսիս» ընկերութեան եւ նոյն ընկերութեան հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահը, կրնա՞ք որոշ լուսաբանութիւններ տալ այդ մասին:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Կիսահաղորդիչներու բնագաւառը շատ արագ կը զարգանայ: Պատկերացուցէք իւրաքանչիւր 1.5 տարի, chip-ին արագութիւնը կը կրկնապատկուի եւ չափը կը կիսուի: Այսօր, chip մը կրնայ 10 եռիլիոն transistor պարունակել: Chip-երուն մէջ յաճախ ներքին թերութիւններ կը յառաջանան: Իբրեւ գլխաւոր ճարտարագէտ՝ կը ջանամ այս մարզէն ներս chip-ի այսօրուան անճշդումներուն անդրադառնալ, լուծումներ գտնել եւ տրամադրել: Ուստի, ճիշդ կը համարեմ ստեղծել խելացի նորարար համակարգեր, զորս կարելի է ընդգրկել chip-ի նախագծման մէջ, որպէսզի chip-ը ինքնավերանորոգումի հնարաւորութիւնը ունենայ: Իսկ իբրեւ նախագահը «Սինոփսիս»ի հայաստանեան մասնաճիւղին, ուր կը գործէ աւելի քան 750 գիտաշխատող, կը ջանամ Հայաստանի մեր ճարտարագէտներուն ներուժը ընդլայնել եւ նման նորարար հետազօտութիւններ ու անոնց արտադրանքը իրականացնել՝ Հայաստանի մեր մասնաճիւղին միջոցաւ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Իբրեւ հիմնադիր նախագահը համացանցային Armenian Virtual College-ին (AVC), ի՞նչ բացատրութիւն կրնաք տալ այդ մասին:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Հայեցի կրթութիւնը հայկական ինքնութեան պահպանման կռուանն է: Այսօր մեր սփիւռքեան աշխարհատարած իրականութիւնը կարօտն ունի հայապահպանումը յառաջ տանելու արդի՛ շունչով: ՀԲԸՄի Հայկական համացանցային համալսարանը (AVC) արդի շունչի լաւագոյն օրինակն է: Այս առցանց համալսարանի առաքելութիւնն է նպաստել ազգային ինքնութեան պահպանման՝ հայոց լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի դասընթացքներու միջոցով: 8 տարուան բեղմնաւոր իր երթին իբրեւ արդիւնք, AVC-ն ունի աւելի քան 23 հազար ուսանողներ՝ աշխարհի 93 տարբեր երկիրներէ: Բոլորս գիտենք, որ ազգային ինքնութեան պահպանման գործընթացին մէջ մարտահրաւէրները բազմաբնոյթ են: Հայկական համացանցային համալսարանը, իր լայնածաւալ գործունէութեամբ միշտ ծառայած է ու պիտի ծառայէ ի խնդիր ազգային ինքնութեան պահպանման՝ դիմակալելով բոլոր մարտահրաւէրները:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Գիտենք նաեւ, թէ Հայաստանի մէջ ալ ունիք բազմատարած գործունէութիւն. կրնա՞ք այդ մասին լուսաբանութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն։
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- Հայաստանը, անկախութենէն ետք, տեղեկատուական ճարտարագիտութեան կարեւոր մէկ բնագաւառն է: Վերջին 25 տարուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ գործունէութիւնս մեծ մասամբ ուղղուած է բնագաւառի զարգացման: Առիթը ունեցած եմ գործակցելու հետազօտական եւ ուսումնական հաստատութիւններու, ինչպէս՝ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ, Երեւանի Պետական համալսարանին, AUA-ին եւ Հայաստանի Պետական ճարտարագիտական համալսարանին հետ: Գործակցած եմ նաեւ բազմաթիւ ընկերութիւններու, յատկապէս միջազգային ընկերութիւններու հետ, որոնք Հայաստանի մէջ մասնաճիւղեր հիմնելու հետաքրքրութիւնը ունեցած են: Համագործակցաբար պետական տարբեր մարմիններու հետ, կ՛աշխատինք նոր նախաձեռնութիւններու, համագումարներու եւ մրցոյթներու վրայ: Վերջերս, երկրորդական վարժարաններու մէջ նոր գիտական ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ կ՛աշխատինք:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Իբրեւ հիմնադիրն ու ատենապետը ՀԲԸՄի Սիլիքոն հովիտի մասնաճիւղին՝ կարելի՞ է որոշ բացատրութիւններ տալ շրջանի գործունէութեան մասին:
ԴՈԿՏ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆ.- ՀԲԸՄի բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման, Սիլիքոն հովիտի մասնաճիւղը եւս ունի գործունէութեան հիմնական երկու ուղղութիւն՝ պահպանել ազգային ինքնութիւնը եւ նպաստել հայրենիքի բարգաւաճման: Մեր մասնաճիւղը կը տարբերի միւս մասնաճիւղերէն այն առումով, որ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան մայրաքաղաքին մէջ կը գտնուի: Ուստի, ազգապահպանման աշխատանքները կը կրեն օրուան ճարտարագիտութեան յառաջընթացի դրական ազդեցութիւնը: Այս առումով, լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ Հայկական համացանցային համալսարանի նախաձեռնումը: Առաւել, նկատի ունենալով ճարտարագիտութեան արագ ընթացքը, կ՛ուզեմ նշել, որ հայրենիքի բարգաւաճման նպաստող մեր ծրագիրները եւս հիմնուած են տեղեկատուական ճարտարագիտութեան յառաջընթացին վրայ: Իբրեւ մասնաճիւղ, մեր աշխատանքները կը ծաւալենք վերանորոգ կամքով ու հեռանկարներով, որովհետեւ ներգործօն եւ ազդու գործունէութիւն վարելը մեր կիզակէտն է: