ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արսենալ»ի գլխաւոր մարզիչ Արսէն Վենկեր հաստատեց, որ խումբի նորեկ Հենրիկ Մխիթարեան պիտի ներառնուի Անգլիոյ «Փրեմիըր լիկ»ի մրցախաղին «Սուանսի Սիթի»ի դէմ խաղի յայտացուցակին վրայ: Վենկեր, Մխիթարեանի մարզավիճակին մասին խօսելով՝ յայտնեց, որ ան «պատրաստ է, ինչպէս միւսները»:
Վենկեր նաեւ նշեց, թէ ո՛ր դիրքով կը պատկերացնէ Հենրիկ Մխիթարեանի խաղը: Ըստ անոր գնահատումին՝ Մխիթարեան կրնայ խաղալ կիսապաշտպանութեան որեւէ դիրքի վրայ, սակայն ոչ իբրեւ պաշտպանողական ոճի խաղացող: «Արսենալ»ի գլխաւոր մարզիչը ընդգծեց, որ Հենրիկը հրաշալի ֆութպոլիստ է եւ կրնայ նաեւ յաջողութեամբ խաղալ կեդրոնական կիսապաշտպանի դիրքին վրայ: