ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իզվեսթիա».- Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը կը բանակցի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ՝ Աֆրինը Դամասկոսի վերահսկողութեան յանձնելու վերաբերեալ, յայտնած են քրտական խմբաւորման որոշ ներկայացուցիչներ: «Մենք պատրաստ ենք քաղաքն ու անոր յարակից շրջանները յանձնելու՝ պայմանով, որ մեր շահերը չվնասուին», ըսած է ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթի զրուցակիցներէն մէկը:
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները կը նշեն, որ Աֆրինի յանձնումին շուրջ տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա այս բանակցութիւններուն մէջ հանդէս կու գայ իբրեւ միջնորդ:
Լուրը հաստատած է Ռուսիոյ քիւրտերու Ազգային-մշակութային դաշնակցային ինքնավարութեան խորհուրդի նախագահ Ֆարհաթ Փաթիեւ՝ շեշտելով, որ թէ՛ ռուսական, թէ՛ քրտական կողմը այս բանակցութիւններուն մէջ ունին իրենց համապատասխան պահանջներն ու պայմանները: Ըստ անոր՝ համաձայնութիւն գոյացնելու պարագային պէտք է վերջնական որոշում տրուի նաեւ Աֆրինի մէջ քիւրտերու հետագայ կարգավիճակին վերաբերեալ: