ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Փետրուար 5ին բողոքի ցոյցերով դիմաւորուեցաւ Հռոմի եւ Վատիկանի մէջ, ուր գլխաւորաբար քիւրտ ցուցարարներ դատապարտեցին Էրտողանի բռնատիրական քայլերը եւ Աֆրինի դէմ թրքական զինուորական գործողութիւնը։
Վատիկանի մէջ, Էրտողան Ֆրանսիս պապին հետ քննեց գլխաւորաբար Երուսաղէմի մասին նախագահ Թրամփի կողմէ առնուած որոշումը։ Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, երկուքն ալ ընդգծեցին, թէ անընդունելի է Երուսաղէմի մասին Թրամփի կողմէ առնուած որոշումը ու ամէն գնով պէտք է դիմադրել անոր, որպէսզի անիկա գործադրութեան չդրուի։
Էրտողան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ նախագահին ու վարչապետին հետ, իսկ կէս գիշերէն ետք վերադարձաւ Անգարա։
Յիշենք, որ Էրտողան 59 տարուան ընթացքին Վատիկան այցելող Թուրքիոյ առաջին նախագահն է։