ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 7 Փետրուարին ընդունեց Զուիցարիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Տոմինիք տը Պիւմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Ազգային խորհուրդի ղեկավարի տեղակալները, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախագահը յայտնեց, որ բարեկամ Զուիցարիոյ այսպիսի ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցը Հայաստան անգամ մը եւս կը վկայէ հայ-զուիցերիական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին, նաեւ երկու ժողովուրդներու փոխադարձ համակրանքին մասին: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսեցաւ վերընթաց զարգացող երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններուն մասին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ պատուիրակութեան յագեցած օրակարգով այցելութիւնը անպայման իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ հայ-զուիցերիական համագործակցութեան ամրապնդման վրայ:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Տոմինիք տը Պիւմանին՝ մինչ այժմ հայ-զուիցերիական կապերու ամրապնդման գործին անոր հետեւողական աշխատանքին եւ նուիրումին համար:
Հանդիպման ընթացքին Սարգսեան եւ Տոմինիք տը Պիւման միտքեր փոխանակեցին Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ այս հիմնահարցին հանդէպ հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերելուն, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն աջակցելուն եւ հարցի հանգուցալուծման նպաստելու պատրաստակամութեան եւ ջանքերուն համար: