ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժման 30րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնաժողովի հերթական նիստը, զոր կը վարէր Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Նիստին ընթացքին Ղուլեան ամփոփեց միջոցառումներուճ նախապատրաստման եւ համակարգման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները:
Յանձնաժողովի անդամներուն ներկայացուեցաւ Փետրուար 10-20 միջոցառումներու ծրագիրը:
Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ միջոցառումները պիտի սկսին Մարտունի եւ Հադրութ քաղաքներուն մէջ, ապա պիտի շարունակուին հանրապետութեան միւս կեդրոններուն մէջ: Գլխաւոր ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 13 Փետրուարին, Ստեփանակերտի մէջ: Այդ օրը, համաձայն իրադարձութիւններու ժամանակացոյցին, մայրաքաղաքին մէջ շարժման առաջին հանրահաւաքին օրը միջոցառումները պիտի սկսին Արցախի պետական համալսարանէն: Կը նախատեսուի քայլերթ՝ դէպի Վերածնունդի հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք:
Յաջորդ կարեւոր միջոցառումները տեղի պիտի ունենան Փետրուար 19ին եւ 20ին՝ Արցախի վերածնունդի օրը: Յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, արցախեան ազատագրական շարժման զոհուած եւ մահացած գործիչներու յիշատակին, իսկ Փետրուար 20ին տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ տօնական համերգ: