ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի ՀԵԴի «Վարագ» մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւաբանական «Կուլտ» բաժանմունքին՝ կազմակերպած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութեան դիմումներու եւ քննութեան նուիրուած յատուկ աշխատանիստ մը, նպաստելու համար նման դիմումներ կատարելու կամ քննութեանց պատրաստուող հայորդիներու։
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Փետրուար 24ին, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամ 4, Պըրպենքի «Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ (75 E. Santa Anita Ave, Burbank, CA 91502)։
Ժամադրութեան համար, դիմել (213) 821-9627 թիւին, կամ immclinic@law.usc.edu հասցէին։